By Asbarez | Monday, 03 December 2012
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հալէպի Թելեֆոն Հաուայի թաղամասին մէջ պատահական փամփուշտէ սպաննուած է հայ կին մը։
«Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան՝ աւելցնելով, որ մահացողը Մարիէթ Տոշօղլանեան-Պաճեքեանն է: Անդրադառնալով Հալէպի մէջ տիրող իրավիճակին՝ Ռէյիսեան դիտել տուած է, որ քաղաքի կեդրոնական թաղամասերուն մէջ կացութիւնը համեմատաբար հանդարտ է, կրակոցներու եւ պայթիւններու ձայներ կը լսուին ծայրամասերէն։ Նոր գիւղ հայկական թաղամասին մէջ եւս վերջին երկու օրերուն ընթացքին իրավիճակը աւելի հանդարտ է, սակայն ռմբակոծութիւնները կը շարունակուին թաղամասին մօտ գտնուող Պուսթան Պաշայի մէջ:
Ըստ անոր, տակաւին առկայ է արձակազէնի վտանգը, որ ամէն վայրկեան կրնայ մարդ «որսալ»։ Բախումները կը շարունակուին Հալէպի օդակայանի ճամբուն վրայ։
Ռէյիսեան նաեւ աւելցուցած է, որ Հալէպի մէջ ելեկտրականութեան ընդհատումները աւելի յաճախակի դարձած են։ Երկու օրուան ընդհատումէն ետք վերադարձած են համացանցն ու հեռաձայնը։ Ան դիտել տուած է, որ հետզհետէ աւելի կը ծանրանայ բնակիչներուն առօրեան, ապրուստը աւելի կը դժուարանայ, եւ մարդիկ շատ դժուարութեամբ կը փորձեն իրենց կարիքները ապահովել։
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan