By Asbarez | Tuesday, 04 January 2011
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- ԱՄՆի Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսի երէկ մերժեց դեմոկրատ եւ հանրապետական քոնկրեսականներու մեծամասնութեան նեցուկը վայելող թիւ 252 բանաձեւը օրակարգի վրայ դնել եւ անոր քուէարկութիւնը իրականացնել այս Քոնկրեսին օրօք:
Այս առթիւ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քէն Խաչիկեան հրապարակած է յայտարարութիւն մը՝ արտայայտելով ամերիկահայութեան յուսախաբութիւնն ու զայրոյթը Նենսի Փելոսիի եւ Ներկայացուցիչներու տան դեմոկրատ ղեկավարութեան հանդէպ, որոնք դրժեցին Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը քուէարկութեան դնելու իրենց յանձնառութիւնը:
«Նախագահ Փելոսին յստակօրէն ապահոված էր անհրաժեշտ մեծամասնութիւնը, իրաւունքը եւ պատեհութիւնը՝ յաջող աւարտի հասցնելու համար Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի քուէարկութիւնը, սակայն, ան մերժեց թոյլ տալ մարդկային իրաւանց այս օրինագիծի քուէարկումը», յայտարարեց Խաչիկեան:
Նախագահ Օպամայի խոստմնադրժումի լոյսին տակ, Փելոսիի այս քայլը կը խախտէ ամերիկահայ քուէարկողներուն հաւատքը՝ առ դեմոկրատ ղեկավարութիւնը», յայտնեց Խաչիկեան, որ, սակայն, գնահատեց վերջին շրջանին Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին գտած զօրակցութիւնը՝ թէ՛ քոնկրեսական լայն շրջանակներու եւ թէ ամերիկեան հասարակական կազմակերպութիւններու կողմէ:
«Մենք մեր աշխատանքները պիտի շարունակենք եւ ամերիկահայութեան ճիգերը պիտի կեդրոնացնենք մինչեւ որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները տէր կանգնի իր բարոյական պարտաւորութեան ճանչնալով Հայկական Ցեղասպանութիւնը, մինչեւ որ կանգնեցուի թրքական ուրացումի արշաւը եւ հայ ժողովուրդի դէմ գործուած ու անպատիժ մնացած ոճիրը արդարօրէն հատուցուի», յայտարարեց Խաչիկեան:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan