Արամ Ա. «Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով Պարգեւատրեց Քրիս Պոհճալեանը

By Asbarez | Tuesday, 04 December 2012

 

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 3ի երեկոյեան ժամը 7ին, Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիւլպենկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ամերիկահայ գրող Քրիս Պոհճալեանի «Աւազէ Ամրոցին Աղջիկները» գիրքին շնորհահանդէսը:

Ներկայութեամբ նախարարներու, երեսփոխաններու, միութենական ներկայացուցիչներու եւ գրասէր ազգայիններու հոծ բազմութեան տեղի ունեցած այս ձեռնարկին բացումը կատարեց Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան: Նախ անգլերէնով, ապա հայերէնով արտասանած իր բացման խօսքին մէջ Հաւաթեան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց «Աւազէ Ամրոցին Աղջիկները» («Տը Սենտքեսըլ Կըրլզ») խորագրեալ գիրքին գլխաւոր գիծերը: Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին այս ձեռնարկի յաջողութեան, յատկապէս Արամ Ա. կաթողիկոսին, օրուան բանախօսներուն եւ գեղարուեստական բաժինի մասնակից արուեստագէտներուն:

Ապա խօսք առաւ Հայկազեան համալսարանի Արուեստներու եւ գիտութեանց բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Արտա Էքմէքճի, որ  շնորհակալութիւն յայտնեց այս առիթին համար եւ վեր առաւ Քրիս Պոհճալեանի գրական վաստակը՝ նշելով, որ անոր վէպերը թարգմանուած են աւելի քան 25 լեզուներու, իսկ վէպերէն երեքը՝ ժապաւէնի վերածուած:

Ապա խօսք առաւ լիբանանցի ակադեմական եւ ծանօթ գրագէտ Միշել Մաայքի, որ խիստ բարձր գնահատեց Պոհճալեանի այս գործը: Արաբերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ Մաայքի յայտնեց, որ անիկա Ցեղասպանութիւն ապրած հայութեան հաւաքական խիղճն է:

Ապա խօսք առաւ գիրքին հեղինակը՝ Քրիս Պոհճալեան: Խօսելով իր ընտանեկան հայ եւ ոչ հայ արմատներուն մասին‘ Պոհճալեան վերյիշեց իր մանկութեան օրերը, թէ ինչպէս իր շուէտացի մայրը ամէն Շաբաթ օր զինք կը տանէր իր մահացած հօր ծնողքին՝ Պոհճալեաններու տունը, ինչ որ խոր տպաւորութիւն թողած էր իր մէջ:

Ան թուեց Լիբանանի մէջ իր այցելած վայրերը, ինչպէս Այնճար, Մարիա Ճէյքըպսընի որբանոցը, ուր ջարդերէն ճողոպրած 3600 որբեր կը խնամուէին:

Աւարտին խօսք առաւ Արամ Ա. վեհափառը, որ հանգամանաւոր կերպով շեշտեց գիրքին մէջ նշուող սէրն ու պատգամը: «Քրիս Պոհճալեան այս գիրքը գրելով ոչ թէ պատմեց, այլ ապրեցա՞ւ անոր դէպքերը», ընդգծեց Արամ Ա. կաթողիկոս:

«Դէպի իր հարազատ արմատները թափանցող պրպտում է այս գիրքը», ըսաւ վեհափառ հայրապետը: «Անիկա երեւակայութենէ անդին հարազատ փաստարկումն է Հայոց Ցեղասպանութեան, որ հետեւողական կերպով ծրագրուած ու գործադրուած էր օրուան թրքական կառավարութեան կողմէ բոլոր անոնք, որոնք գործադրեցին ու մաս կազմեցին Ցեղասպանութեան կիրարկման, հաշուետու են տակաւին», ընդգծեց Արամ Ա. կաթողիկոս՝ նշելով, որ Անթիլիասի Մայրավանքը, որ ատենին որբեր պատսպարած է, այսօր Ցեղասպանութեան դէմ պայքարի խորհրդանիշ կեդրոն է:

Աւարտին, Արամ Ա. կաթողիկոս «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրեց Քրիս Պոհճալեանը:

Այս առիթով Ճենտերեճեան եղբայրներ ջութակի վրայ ելոյթ ունեցան օրուան յատուկ եղանակներով:

Ապա, Պոհճալեան մակագրեց իր գիրքը:

comments