By Asbarez | Tuesday, 04 January 2011
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա, օգտուելով օրէնքի այն յօդուածէն, որ Սպիտակ տան ղեկավարին իրաւունք կու տայ Քոնկրեսի արձակուրդին ընթացքին առկախ մնացած նշանակումներ կատարելու՝ հաստատած է Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ մօտ դեսպանի իր թեկնածուներուն նշանակումը:
Այս կարգով, Օպամա Մեթիու Պրայզան նշանակած է Ատրպէյճանի մօտ ԱՄՆ դեսպան, իսկ Ֆրանսիս Ռիքիարտոնէն՝ Թուրքիոյ մօտ ԱՄՆ դեսպան: Օպամա նոյն իրաւունքէն օգտուելով՝ հաստատած է նաեւ Սուրիոյ եւ Չեխիոյ մօտ ամերիկեան դեսպաններու նշանակումը:
Այս կարգով, նշանակուած դեսպանները իրենց պաշտօնին վրայ կը մնան մինչեւ մէկ տարի, որմէ ետք նախագահը պէտք է անոնց անունները դարձեալ ներկայացնէ Քոնկրեսին:
Ծերակուտականներ Պարպարա Պաքսըրի եւ Ռապըրթ Մենենտեզի կողմէ խափանուած Պրայզայի թեկնածութեան հաստատումը, նախագահ Օպամայի հանդէպ ամերիկահայութեան յուսախափութիւնը աւելի եւս պիտի խորացնէ:
Արդարեւ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան, խօսնակը դառնալով համայն ամերիկահայութեան՝ յայտնեց, որ «Ամերիկահայութիւնը խորապէս ընդվզած է նախագահ Օպամայի՝ ապիկար դիւանագէտ մը Ատրպէյճանի մօտ Ամերիկայի շահերու պաշտպանի պաշտօնին կոչելու որոշումէն»:
Շարունակելով իր խօսքը՝ Համբարեան նշած է, որ հազիւ շաբաթ մը առաջ Քոնկրեսի մէջ Հայկական բանաձեւի քուէարկումի խափանման աջակցած նախագահ Օպաման, իր այս նոր կարգադրութեամբ ցոյց տուաւ, որ բացայայտօրէն կ՛արհամարհէ իր ընտրապայքարին ժամանակ տուած խոստումները:
Նշենք, որ ատրպեճանական քաղաքական շրջանակները մեծ գոհունակութեամբ ողջունած են Պրայզայի նշանակումը:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan