Լիբանանի Ռատիօթոնէն Գոյացած Է 107 Հազար Տոլար

By Asbarez | Monday, 10 December 2012

ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինին կազմակերպութեամբ, 7 Դեկտեմբերին Լիբանանի մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական ռատիօթոնը, որմէ գոյացաւ 107,000 տոլար:

Մարմինը այս առիթով հրապարակած իր հաղորդագրութեան մէջ նշեց,  որ նախորդ տարիներու դրամահաւաքներէն իր մօտ ունի պատրաստ գումար մը, զոր պիտի աւելցնէ այս տարուան հասոյթին վրայ։ Անկէ ետք մարմինը պիտի կատարէ իր յատկացումներուն բաժանումը՝ առաջնահերթ նկատելով սուրիահայութեան օժանդակութիւնը եւ իր հասոյթէն բաժին յատկացնելով լիբանանահայ կրթական հաստատութիւններուն ու Արցախի մէջ համայնքային կեդրոններու կառուցման ծրագիրին:

comments