By Asbarez | Wednesday, 12 December 2012
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Սուրիոյ տնտեսական մայրաքաղաք Հալէպի մէջ արդէն քանի օրէ ի վեր հացի եւ վառելանիւթի շեշտուած տագնապ կայ։ Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան «Թերթ»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ գրեթէ անկարելի է հաց գտնել Հալէպի մէջ: Վառելանիւթի հարցը եւս օրհասական է, քանի որ «սեւ շուկայ»ին մէջ արդէն իսկ բաւական սուղ եղող վառելանիւթին գինը կրկնապատկուած է:
Բախումներ տեղի կ՛ունենան քաղաքի կեդրոնական շրջաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ հայկական թաղամասերուն մօտակայքը:
Ռէյիսեան յայտնած է, որ Նոր Գիւղի հայկական թաղամասին մէջ յաճախ կը լսուին թնդանօթներու կամ ականանետներու ձայները: Թէժ մարտերը կը շարունակուին Նոր Գիւղին մօտ գտնուող Պոսթան Պաշա թաղամասին մէջ, ուր գտնուող հայկական ծերանոցը արդէն իսկ նախապէս տեղափոխուեցաւ։
Տեղեկութիւններ կան նաեւ այն մասին, որ Հալէպի մէջ 11 Դեկտեմբերին հայ մը եւս առեւանգուած է, սակայն տակաւին մանրամասնութիւններ չկան։
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan