Արթուր Աբրահամը Պահպանեց Աշխարհի Ախոյեանի Տիտղոսը

By Asbarez | Monday, 17 December 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայ բռնցքամարտիկ Արթուր Աբրահամը պահպանեց Համաշխարհային բռնցքամարտի կազմակերպութեան չափանիշով աշխարհի ախոյեանութեան տիտղոսը:

Գերմանական Նիւրենպերկ քաղաքին մէջ կայացած մենամարտին ընթացքին Արթուր իր ուժերը չափեց ֆրանսացի Մեհտի Պուատլայի հետ: Ութ ռաունտ տեւած մենամարտին ընթացքին բացայայտ առաւելութեամբ խաղը ի շահ Աբրահամին էր։ Արդէն 8րդ ռաունտին ստացած կարգ մը հարուածներուն պատճառով ֆրանսացի հակառակորդը վիրաւորուեցաւ, եւ մրցավարը մենամարտը դադրեցնելով՝ յաղթանակը շնորհեց Արթուր Աբրահամին: «Ես շատ ուրախ եմ այսօր յաղթելու համար: Ես իմ առաջին մարզումները հէնց Նիւրնբերգ քաղաքում եմ սկսել:

Մրցակիցս արժանիօրէն պայքարում էր, սակայն իմ յաղթանակի բաղադրատոմսը միայն յաղթելու ցանկութիւնն է», գերմանական պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է Աբրահամը:

comments

Advertisement