Հայաստանի Երեխաներու Հիմնադրամը Կը Հանգանակէ 1.3 Միլիոն Տոլար

By Asbarez | Monday, 17 December 2012

Ձախէն աջ՝ Հայաստանի երեխաներու հիմնադրամի ատենապետ դոկտ. Կարօ Արմէն, հիմնադրամի վարչութեան անդամներ Հըրպ Էլպըրթ ու Տանա Էվընզի, եւ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճան Էվընզ

ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Անցնող շաբաթավերջին տեղի ունեցած հաւաքի մը ընթացքին, Հայաստանի երեխաներու հիմնադրամի (COAF) աշխատանքներուն համար կարելի եղած է

Էնտրիա Մարթին եւ Նէյթըն Լէյն

գոյացնել1.3 միլիոն տոլար գումար մը, որ պիտի տրամադրուի յատկապէս Հայաստանի գիւղերը ապրող երեխաներու կարիքներուն:
Հաւաքուած այս գումարը 16 միլիոնի կը հասցնէ 2004էն ի վեր սոյն հիմնադրամին հաւաքած գումարները: Հիմնարկին ատենապետն է դոկտ. Կարօ Արմէնը:
Հաւաքին ընթացքին, հիմնարկի «Մարդասիրական մրցանակ»ով մեծարուեցան դերասաններ Նէյթըն Լէյն եւ Էնտրիա Մարթին: Այս վերջինը նաեւ ձեռնարկի հանդիսավարն էր:
Նաեւ, «Փրկէ սերունդ մը» մրցանակին արժանացան Երեւանի մէջ «Թումօ» ստեղծագործական կեդրոնի հովանաւորներ՝ տէր եւ տիկին Սեմ եւ Սիլվա Սիմոնեանները:
Հայաստանի երեխաներու հիմնադրամին գործունէութիւնը կեդրոնացած է Հայաստանի Արմաւիր մարզի Քարակերտ, Արքինա, Շենիկ, Դալարիկ, Երուանդաշատ, Յուշակերտ Բաղրամեան, Միասնիկեան ու շարք մը այլ գիւղերու մէջ:
Հիմնադրամը կ՛իրականացնէ տնտեսական, կրթական, առողջապահական ու երեխաներու եւ ընտանիքներու յատուկ շարք մը ծրագիրներ:
Նկատի ունենալով, որ հողագործութիւնը Հայաստանի տնտեսութեան կարեւոր ոլորտներէն մէկն է՝ հիմնադրամը յատուկ ուշադրութիւն կեդրոնացուցած է այդ մարզի զարգացման վրայ: Հիմնադրամը նաեւ խորհրդատուութիւն կը կատարէ գործարարներու, կը նպաստէ արդիականացման ու նիւթական միջոցներ գտնելու աշխատանքներուն, միաժամանակ հերթական հանդիպումներ կը կազմակերպէ գիւղապետներու միջեւ՝ համագործակցութիւնը զարգացնելու եւ հարցերու միացեալ լուծումներ գտնելու նպատակով:
Կրթական մարզին մէջ, հիմնադրամը կը վերապատրաստէ ուսուցիչներ եւ վարժարաններու անձնակազմի պաշտօնեաներ՝

կազմակերպելով համակարգչային դասընթացքներ եւ յատուկ աշխատանիստեր: Հիմնարկը նաեւ կը կազմակերպէ արտադպրոցական ծրագիրներ՝ հարստացնելու համար աշակերտերուն կեանքը, եւ կը քաջալերէ, որ աշակերտական, շրջանաւարտներու եւ ընտանիքներու կազմակերպութիւններ հիմնուին՝ նպաստելու համար գիւղերու դպրոցներու գործունէութեան: Կ՛իրագործուին նաեւ վարժարաններու ենթակառոյցները արդիականացնելու, աշակերտներուն համար լաւ ուղիներ տրամադրելու ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ ամառնային ճամբարներ:
Առողջապահական մարզին մէջ, հիմնադրամը կը տրամադրէ երեխաներու տարրական բժշկական խնամք ու տարեկան ընդհանուր քննութիւններ՝ կանխարգիլելու համար ապագայի հիւանդութիւնները: Հիմնարկը նաեւ կը նպաստէ գիւղերուն բժշկական խնամք տրամադրողներուն յաւելեալ ու մասնագիտական մարզումներու ապահովման եւ առողջապահական

Սեմ եւ Սիլվա Սիմոնեանները՝ Հայաստանէն ժամանած խումբ մը երեխաներու հետ

սպասարկութիւններ կը տրամադրէ յղի կանանց: Հիմնարկը նաեւ առողջապահութեան մասին տեղեկութիւններ կը բաժնէ գիւղերուն մէջ:
Հիմնադրամը նաեւ տարրական խորհրդատուութիւն կը կատարէ աշակերտներու եւ ծնողներու համար, ինչպէս նաեւ կը տրամադրէ ընկերային եւ իրաւական սպասարկութիւններ՝ միաժամանակ կազմակերպելով համայնքային քննարկումներ՝ ընկերային զանազան հարցերու մասին: Հիմնադրամը նաեւ կը հրապարակէ ամսաթերթ մը եւ կը կազմակերպէ մշակութային եւ ընկերային ձեռնարկներ:
Հիմնադրամի գործունէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.coafkids.org կայքը:

comments