Շարլ Ազնաւուր Հանդիպած է Պէյճինկ Ապրող Հայերու

By Asbarez | Tuesday, 18 December 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Չինաստանի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան մէջ Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 13ին տեղի ունեցած է ֆրանքոֆոնիի (ֆրանսախօս երկիրներու) շրջագիծէն ներս կայացած Չինաստանի մէջ ֆրանսերէն լեզուի տարուան փակման առիթով Պէյճինկ ժամանած Շարլ Ազնաւուրի հանդիպումը այնտեղ բնակող հայութեան հետ:

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենը կը տեղեկացնէ, թէ ձեռնարկին մոտաւորապէս 60 հայերու հետ ներկայ գտնուեցան նաեւ «Համաշխարհային մտաւոր խաղերուն» մասնակցելու նպատակով Չինաստան գտնուող հայ ճատրակի վարպետներ Լեւոն Արոնեանը եւ Էլինա Դանիէլեանը:

Ողջունելով ներկաները, Չինաստանի մօտ ՀՀ դեսպան Արմէն Սարգսեան Ազնաւուրին պատմած է Պէյճինկ բնակող փոքրաթիւ հայ համայնքի մասին, ապա ներկաները հարցումներ են ուղղած են իրենց մեծանուն հայրենակցին:

Հանդիպման ընթացքին Շարլ Ազնաւուր պատմած է իր կեանքէն կարգ մը դրուագներ եւ պատմած տարբեր ժամանակաշրջաններու յայտնի դէմքերու հետ ունեցած հանդիպումներուն մասին:

Կարեւորելով հայապահպանման խնդիրները՝ ան յորդորած է երիտասարդներուն երբեք չկտրուել արմատներէն: «Ատիկա է ուժ եւ կորով տուողը աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ յայտնուած հայերուն», ըսած է Շարլ Ազնաւուր:

comments

Advertisement