By Asbarez | Thursday, 20 December 2012
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ քանի մը օր առաջ Հալէպի մէջ կրկին հայ մը առեւանգուած է՝ Շահէ Չաղլասեան անունով:
Անոր համաձայն, Չաղլասեանի ազատ արձակման համար փրկագին կը պահանջուի: Կարելի եղած է ճշդել, որ ան Հալէպի ծայրամասը գտնուող Շքէյֆ շրջանին մէջ առեւանգուած է՝ իր ինքնաշարժով: Այժմ աշխատանքներ կը տարուին զայն ազատ արձակելու նպատակով:
Անդրադառնալով Հալէպի մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակին՝ Ռէյիսեան յայտնած է, որ մեծ փոփոխութիւններ չեն արձանագրուած: Դրական փոփոխութիւնը վերջին երկու օրերուն աւելի երկար ժամեր ելեկտրականութիւն ունենալն է: Կրակոցներ եւ պայթիւններ մերթ ընդ մերթ լսելի են, սակայն ընդհանուր առմամբ քաղաքը աւելի հանդարտ է: Ան դիտել տուած է, որ հիմնականօրէն մտահոգիչ են այն հարցերը, որոնք կենցաղային բնոյթ կը կրեն։
Դամասկոսի մէջ տիրող իրավիճակին մասին խօսելով՝ ան նշած է, որ լարուածութիւնը կը շարունակուի, յատկապէս Եարմուքի շրջանին մէջ:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan