By Asbarez | Friday, 28 December 2012
ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».– «Եռագոյն» կայքէջին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Բերիոյ Թեմի ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան անդրադարձած է վերջին օրերուն Հալէպի մէջ տիրող իրավիճակին՝ յայտնելով. «Երբեմն ձայներ կը լսուին, բայց քաղաքը հանդարտ է»:
Պատասխանելով սնունդի առկայութեան մասին հարցումի մը՝ Ռէյիսեան դիտել տուած է, որ եթէ համապատասխան գումար ունենաս, կրնաս սնունդ գտնել։
Անդրադառնալով նիւթական օգնութիւններուն վերաբերող տեղեկութիւններուն՝ բանբերը նշած է. «Գիտեմ, որ նման աշխատանք կը տարուի, բայց մանրամասնութիւններ չունիմ, այդքան ալ դիւրին չէ ժողովուրդին օգնել, եւ որքանո՞վ կարելի է օգնել երբ կազին շիշը 5000 կ՛արժէ (1 տոլարը մօտաւորապէս 80 սուրիական ոսկի է), իսկ մազութի լիթրը 200 է»:
Անոր համաձայն, բարեբախտաբար ջուր կայ, իսկ ելեկտրականութիւն կը մատակարարուի քանի մը ժամուան ընդմիջումով:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ժողովուրդը յոյս ունի՞ լաւ օրեր դիմաւորելու եւ Ամանորեան նշոյլներ կա՞ն՝ Ռէյիսեան յայտնած է. «Լաւ օրերու յոյս ալ կայ, օգնութիւն ալ կայ, ամանորեայ երեւոյթներ բնական է, որ չկան այս տարի, միայն տուներու մոմի լոյսերն են տօնական: Կարծեմ մեր ժողովուրդը այս Նոր տարին պիտի դիմաւորէ լոյսի յոյսով, եւ Կաղանդ պապան առատօրէն մեզի պիտի ուղարկէ կամք, տոկունութիւն, համբերութիւն եւ յարմարելու ճկունութիւն: Մենք շատոնց զօրացած կը զգանք թէ՛ հայրենիքի, թէ՛ Սփիւռքի մեր ազգակիցներուն անկեղծ, սրտցաւ զօրակցութեամբ եւ մաղթանքներով, նաեւ՝ անսակարկ աջակցութեամբ եւ օժանդակութեամբ, այս բոլորով անկասկած կը շրջանցենք այս դժուար օրերը»:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan