Ռէյիսեան. «Սուրիոյ Մէջ Դպրոցները Պիտի Սկսին Գործել Բնականոն Կերպով»

By Asbarez | Tuesday, 22 January 2013

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».–  Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ Հալէպի մէջ կրակոցներ եւ ռմբակոծումներ լսուած են 21 Յունուարի ամբողջ գիշերը, սակայն 22 Յունուարին կացութիւնը համեմատաբար կայուն է։

Անոր համաձայն, ներկայիս ամբողջ Սուրիոյ մէջ դպրոցները փակած են իրենց դռները, սակայն ոչ թէ երկրին մէջ տիրող կացութեան պատճառով, այլ կիսամեայ քննութիւններուն յաջորդող մէկ շաբթուան արձակուրդի համար: «Երբ վերջանան արձակուրդները, դպրոցները պիտի շարունակեն իրենց բնականոն գործունէութիւնը», յայտնած է Ժիրայր Ռէյիսեան:

Եղանակային պայմանները կը շարունակեն դժուարացնել մարդոց կեանքը, սակայն նախորդ օրերու սաստիկ ցուրտի նուազումին պատճառով, կացութիւնը աւելի տանելի դարձած է։

comments