By Asbarez | Tuesday, 22 January 2013
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը շնորհաւորական ուղերձ մը յղեց Երկուշաբթի, Յունուար 21ին կայացած Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի երդման երկրորդ արարողութեան առիթով, եւ կոչ ուղղեց անոր սկսելու ամերիկահայութեան հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու ջանքերուն ու մինչեւ այս տարուան Ապրիլ 24՝ հանդիպում մը կազմակերպելու համայնքի ղեկավարներուն հետ:
«Կը շնորհաւորենք ձեզի՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին վերընտրուելու առթիւ, կ՛ողջունենք ձեր երդման արարողութիւնը եւ Միացեալ Նահանգներու երկու միլիոն հայերուն անունով կը վերահաստատենք մեր հետաքրքրուածութիւնը՝ աշխատակցելու ձեր վարչակազմին հետ», ըսուած է նամակին մէջ:
Հայ Դատի գրասենեակը նաեւ համացանցային նամակներու արշաւի մը սկսած էր՝ Օպամային հարցնելու համար, թէ արդեօք ե՞րբ պիտի կատարէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու իր խոստումը: Արշաւին մասնակիցները նախագահին յիշեցուցած են, թէ ծերակուտական եղած տարիներուն ան հաստատած էր Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը հաստատելու անհրաժեշտութիւնը:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan