Նախագահ Սարգսեան Կը Հանդիպի ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէին Հետ

By Ազատ Օր | Monday, 24 January 2011

ԱԹԷՆՔ, «Ազատ Օր».- Հայաստանի նախագահի պաշտօնական այցելութեան առիթով, Չորեքշաբթի  Յունուար 19ի առաւօտեան ժամը 10ին, ՀՅԴ Յունաստանի կեդրոնական կոմիտէն հանդիպում ունեցաւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Յունաստանի մօտ ՀՀ դեսպան Գագիկ Ղալաչեան եւ ՀՀ նախագահի գործակիցները՝ նախագահի աշխատակազմի ղեկավարման տեղակալ Վիգէն Սարգսեան  եւ նախագահի խօսնակ Արմէն Արզումանեան:

ՀՅԴ կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Գէորգ Գոլանեան ամփոփ գիծերով ներկայացուց Յունաստանի մէջ գործող ինչպէս դաշնակցական, նոյնպէս ազգային եւ ուղեկից կառոյցներու իրավիճակը, ընդհանուր տեղեկութիւններ փոխանցելով անոնց գործունէութեան բնագաւառներու մասին, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներուն, ընդհանրապէս ազգային եւ կրթական ծրագիրներուն ու  համայնքային հարցերուն շուրջ:

Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ազգային-քաղաքական հարցերու եւ տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում:

Երեսունհինգ վայրկեան տեւած հանդիպման ընթացքին շեշտուեցաւ Հայաստանի պետութեան եւ Սփիւռքի տարածքին հայկական համայնքներու պատասխանատու մարմիններուն միջեւ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը։

Նշենք, որ ՀՅԴ կեդրոնական կոմիտէի կազմէն հանդիպման ներկայ էին ներկայացուցիչ Գէորգ Գոլանեան եւ անդամներ՝ Արա Մանկոյեան, Վահան Պզտիկեան, Նազարէթ Պէրպէրեան եւ Զաւէն Գնունի, ինչպէս նաեւ «Ազատ Օր»ի խմբագիր Հռիփսիմէ Յարութիւնեան:

comments

Advertisement