Բողոքի Ցոյցեր «Հորիզոն»ը Կասեցնելու Մասին «Չարթըր»ի Որոշումին Դէմ

By Asbarez | Monday, 04 February 2013

 

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ուրբաթ եւ Շաբաթ, Փետրուար 1ին եւ 2ին, «Չարթըր» ընկերութեան Կլենտէյլի կեդրոնատեղիին առջեւ հարիւրաւոր հայեր բողոքեցին «Հորիզոն» պատկերասփիւռի կայանին սփռումը կասեցնելու մասին ընկերութեան կամայական որոշումին դէմ։ Ինչպէս արդէն հաղորդած էինք, ընկերութիւնը որոշած է կայանին սփռումները կասեցնել Փետրուար 19ին։

«Փրկենք Հորիզոնը» քաղաքացիական նախաձեռնութիւնը կը ծրագրէ մեծ հանրահաւաք մը կազմակերպել նաեւ Ուրբաթ, Փետրուար 8ին, այս անգամ՝ «Չարթըր» ընկերութեան գլխաւոր կեդրոնատեղիին առջեւ, որ կը գտնուի Ըրուընտէյլ քաղաքին մէջ (4781 Irwindale Avenue, Irwindale, CA 91706):

«Դաւիթի եւ Գողիաթի պատմութեան կրկնութիւնն է տեղի ունեցածը», ըսած է Հայկական լրատուական ցանցի (Armenian Media Network) վարչութեան ատենապետ Աւետիք Իզմիրլեան՝ աւելցնելով, թէ «Չարթըր» անարդարօրէն կը փորձէ լռութեան մատնել վերջին 25 տարիներուն հայ համայնքին սպասարկած «Հորիզոն»ը: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է ցուցարարներուն եւ կոչ ըրած համայնքին, որ իր ուժերը միացնելով՝ սոյն անիրաւութիւնը սրբագրէ:

«Փրկենք Հորիզոնը» քաղաքացիական խումբի անդամ Դրօ Գրիգորեանի համաձայն՝ ընկերութեան պատասխանատուները դիտումնաւոր կերպով կը ստեն, երբ կ՛ըսեն, թէ «Հորիզոն»ի պատասխանատուները չեն ստորագրած իրենց սփռումները երկարաձգելու պայմանագիրը, այսպիսով՝ փորձելով մոլորութեան մատնել իրենց յաճախորդները։
Նախաձեռնութենէն պատուիրակութիւն մը տեսակցութիւն ունեցած է ընկերութեան ներկայացուցիչներուն հետ, որոնք բաւարար բացատրութիւն չեն կրցած տալ ընկերութեան կամայական որոշումին մասին:

Միայն քանի մը օրերու ընթացքին, հազարաւոր դիմումներ կատարուած են ընկերութեան՝ «Հորիզոն»ի սփռումը կասեցնելու որոշումը չգործադրելու պահանջով:
«Փրկենք Հորիզոնը» քաղաքացիական խումբի բանբեր Զանգու Արմէնեան կ՛աւելցնէ, թէ ընկերութիւնը իր իսկ կնքած համաձայնագիրին պայմանները պիտի խզէ, եթէ սպառնալիքը գործադրէ՝ աւելցնելով, թէ այս արարքը ցոյց կու տայ, թէ ընկերութիւնը կ՛անտեսէ իր յաճախորդներուն փափաքները:

Հայ համայնքը կը կազմէ Կլենտէյլի եւ Լա Քրեսենթայի բնակչութեան աւելի քան 40, իսկ Պըրպենքի 35 տոկոսը, ուր «Չարթըր» ընկերութիւնը կը սփռէ «Հորիզոն»ի հաղորդումները։

1989ին հաստատուած «Հորիզոն»ը դարձաւ 1999ին հայկական առաջին կայանը, որ «Չարթըր»ի կողմէ սկսաւ սփռուելու՝ 24 ժամեայ յայտագիրով: Ցոյցէն հատուած մը դիտելու համար, այցելել asbarez.com/108084/hundreds-protest-horizon%E2%80%99s-proposed-closure կայքէջը:

comments