Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան ամերիկեան ցամաքամասի վարչական գրասենեակի գործադիր տնօրէնի պաշտօնի յայտարարութիւն

By armenia.com.au | Tuesday, 05 February 2013

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը կարիքը ունի գործադիր տնօրէնի մը ամերիկեան ցամաքամասի իր վարչական գրասենեակին համար: Գրասենեակը կը գտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Լոս Անճելըս քաղաքին մէջ:

Պարտականութիւններ եւ  պատասխանատուութիւններ-Հիմնադրամներու գոյացման հետ առնչուող պարտականութիւններ.

- նուիրատուներու մասին տեղեկութեան շտեմարանի պատրաստութիւն, տեղեկատուական գրականութեան ցրուում՝ հաւանական նուիրատուներու, հիմնադրամներու գոյացման հետ առնչուող հաղորդակցութիւններու, հանդիպումներու եւ ժողովներու կազմակերպում, հիմնադրամներու գոյացման ծառայող կայքէջի մը ստեղծում, կազմակերպում եւ կառավարում:

-Նիւթական աջակցութեան ապահովում պետական հաստատութիւններէ,  հիմնարկներէ  եւ  ոչ-կառավարական  կազմակերպութիւններէ:

-Համազգայինի մշակութային գործունէութեան ծաւալում ամերիկեան ցամաքամասին մէջ.- բարձրորակ մշակութային ձեռնարկներու եւ մշակութային-գեղարուեստական տարածաշրջանային շրջագայութիւններու կազմակերպում, կազմակերպական նպաստ՝ մշակութային-գեղարուեստական փոխանակումներու   ամերիկեան ցամաքամասի հայ համայնքներուն եւ Սփիւռքի այլ հայ համայնքներու միջեւ, ինչպէս նաեւ՝ ամերիկեան ցամաքամասի հայ համայնքներուն եւ Հայաստանի միջեւ:

-Ամերիկեան ցամաքամասի Համազգայինի տեղեկատուի  հրատարակում եւ ցրուում:

-Ամերիկեան ցամաքամասի Համազգայինի կայքէջի  ստեղծում, կազմակերպում եւ կառավարում:-Ամերիկեան ցամաքամասի վարչական գրասենեակի  կառավարում, որ  կը ներառէ  կազմակերպչական աշխատանքներ, անհրաժեշտ տեղեկութեանց մէկտեղում, արխիւային դասաւորումներ եւ հաշուակալութիւն:

Թեկնածուի անհրաժեշտ յատկանիշեր

-Պսակաւոր Արուեստից (BA) վկայական, նախընտրաբար  Հիմնադրամներու Գոյացման Կառավարման (Fundraising Management),  Ոչ-հասութաբեր  Ձեռնարկութիւններու Ղեկավարման (Nonprofit Management),   Մարդասիրական Ուսմունքի (Philanthropic Studies) կամ  համարժէք համալսարանական ճիւղերու մէջ:

-Մեծապէս փափաքելի է փորձառութիւնը հիմնադրամներու գոյացման կառավարման, ոչ-հասութաբեր  ձեռնարկութիւններու  կառավարման կամ մարդասիրական  ձեռնարկութիւններու  աշխատանքներու մէջ:

-Փայլուն կազմակերպչական հմտութիւն եւ բազմատեսակ աշխատանքային պահանջներու միջավայրի ու աշխատանքային պահանջկոտ պայմաններու մէջ գործելու  ունակութիւն:

-Հայերէն եւ անգլերէն լեզուներու  (գրաւոր եւ խօսակցական) տիրապետում:- Յարաբերական եւ հաղորդակցական ունակութիւն: Ծրագիրներ յաջող կերպով ներկայացնելու  կարողութիւն:

-MS Word, Excel, Power Point, Outlook եւ տեղեկութեանց շտեմարանններու ղեկավարման  համակարգչային ծրագիրներու, ինչպէս նաեւ համացանցի եւ համացանցային ընկերային հաղորդամիջոցներու գործածութեան տիրապետում:

Աշխատավարձը՝ մասնագիտութեան եւ փորձառութեան համեմատ:

Դիմումնագիրները ե-նամակով ուղարկել  central@hamazkayin.com հասցէին, նիւթի  տուփիկին (subject line) մէջ նշելով <<Գործադիր տնօրէնի պաշտօն>>:

Դիմումնագիրներու ընդունման վերջին թուական՝ Երեքշաբթի 30 Ապրիլ, 2013: Այս թուականէն ետք դիմումնագիրներ պիտի չընդունուին: Պատասխան պիտի ստանան միայն տեսակցութեան համար անհրաժեշտ պայմանները լրացնող թեկնածուները:

comments

Advertisement