Հալէպի Մէջ Հայ Զոհ Եւ Առեւանգեալ Մը Եւս

By Asbarez | Friday, 15 February 2013

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հալէպի հայաշատ Սուլէյմանիէ թաղամասի գլխաւոր փողոցին վրայ պատահական փամփուշտէ մը հայ մը եւս զոհուած է Ուրբաթ, Փետրուար 15ին: «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանը՝ աւելցնելով, որ զոհուածը 1970ի ծնունդ, երկու դուստրերու հայր Յարութիւն Քէօշկէրեանն է: Ռէյիսեանի համաձայն՝ Սուլէյմանիէի այդ փողոցը մնայուն կերպով մարդաշատ է եւ այս օրերուն, համեմատաբար, անվտանգ շրջան կը նկատուի, սակայն այդուհանդերձ միշտ կրնան անակնկալներ տեղի ունենալ նոյնիսկ չակնկալուած վայրերու մէջ:

Ռէյիսեան նաեւ յայտնած է, որ Հալէպի ծայրամասերէն մէկուն մէջ իր աշխատավայրէն առեւանգուած է Գէորգ Գարաքուլեանը: Տեղեկութիւններ կան նաեւ այն մասին, որ աշխատավայրին մէջ եղած են նաեւ անոր եղբայրը եւ երկու գործընկերները, որոնք չեն առեւանգուած: Առեւանգողները փրկագին կը պահանջեն։

Հալէպի մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակին մասին խօսելով՝ Ռէյիսեան դիտել տուած է, որ Փետրուար 14ի գիշերը ուժգին ռմբակոծումները շարունակուած են մինչեւ առաւօտ, իսկ Փետրուար 15ի առաւօտուն կացութիւնը քիչ մը հանդարտած է:

Բախումներ տեղի ունեցած են նաեւ Հալէպի ազգային առաջնորդարանի շէնքին մօտակայքը՝ մօտաւորապէս 100-200 մեթր հեռաւորութեան վրայ:

comments