Լիթուանիոյ Պատգամաւորները Արցախի Հետ Բարեկամութեան Խումբ Ստեղծելու Հռչակագիր Որդեգրած Են

By Asbarez | Tuesday, 26 February 2013

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Լիթուանիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամներէն բաղկացած խումբ մը 26 Փետրուարին Արցախի հետ բարեկամութեան խումբի ստեղծման մասին հռչակագիր մը որդեգրած է: Այս մասին «Արմէնփրէս»ին յայտնած են Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան արտաքին կապերու բաժինէն:

Հռչակագիրին մէջ նշուած է.

«Նկատի ունենալով այն, որ այս տարի կ՛ամբողջանայ Արցախեան շարժման 25ամեակը, երբ հայ ժողովուրդը ձեռք բերաւ իր ինքնորոշման իրաւունքը, իսկ Լիթուանիան այդ ժամանակ ողջունեց այդ ձգտումը եւ հանդէս եկաւ խնդրի խաղաղ լուծման օգտին.

«Նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ Լիթուանիոյ ու Արցախի ժողովուրդները իրենց անկախութեան համար մղուող պայքարներուն մէջ առաջնորդուած են միջազգային իրաւունքի եզրերով, ժողովրդավարական արժէքներով ու համընդհանուր գաղափարներով, որոնց կը շարունակեն հաւատարիմ մնալ մինչեւ օրս.

«Կիսելով համաեւրոպական տարածքի դիրքորոշումը, ըստ որուն, անոր իւրաքանչիւր բնակիչ իրաւունք ունի առանց խոչընդոտի օգտուելու հիմնական իրաւունքներէն ու հիմնարար ազատութիւններէն.

«Նկատի առնելով այն, որ միջազգային առումով ինքնորոշման իրաւունքը ֆիզիքական անվտանգութեան ապահովման ու ժողովուրդներու ժողովրդավարական զարգացման միակ երաշխիքն է.

«Նշելով Արցախի զգալի ջանքերը՝ ազատ ու ժողովրդավար հասարակութեան ստեղծման ուղղութեամբ, ընտրութիւններու կայացման եւ պատասխանատու ու արդիւնաւէտ կառավարութիւն ստեղծելու ճանապարհով.

«Կարեւոր համարելով Արցախի ներգրաւումը միջազգային հանրութեան մէջ առկայ խնդիրներու լուծման ու տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման համար.

«Մենք՝ Լիթուանիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանի պատգամաւորներս, կը յայտարարենք Լիթուանիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանին մէջ Արցախի Հանրապետութեան հետ Բարեկամութեան խումբ ստեղծելու որոշման մասին»:

Նշենք, որ ՀՅԴ բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան խօսքով մը հանդէս եկաւ վերոյիշեալ հռչակագիրի որդեգրման պահուն:

comments

Advertisement