Սուրիահայ Յայտնի Լրագրող Միհրան Եուսէֆ Խաղտըրեան Ոչ Եւս Է

By Asbarez | Thursday, 28 February 2013

Երկուշաբթի, Փետրուարի 25ի երեկոյեան սրտի կաթուածի հետեւանքով՝ Սուրիոյ մէջ մահացաւ 77ամեայ հայ լրագրող եւ հաղորդավար՝ Միհրան Եուսէֆ Խաղտըրեան:

«Բերիոյ լուրեր»ու էջը կը տեղեկացնէ, որ  Խաղտըրեան ծնած է Դամասկոս, հայրը հայ է, մայրը՝ արաբ: Այնտեղ կը նշուի, որ ան շատ կը սիրէր իր աշխատանքը եւ միշտ մերժած է իրեն ուղղուած այլ աշխատանքի առաջարկներ՝ ըսելով, որ ձուկը չի կրնար հեռանալ ջուրէն, այսինքն չէր կրնար հեռանալ իր սիրելի Դամասկոսէն: Խաղտըրեանի լրագրական ասպարէզը տեւած է շուրջ 45 տարի:

Նախքան լրագրութեամբ զբաղուիլը Խաղտըրեան եղած է հայկական դպրոցի տնօրէն:

comments