Լիթուանիոյ Եւ Արցախի Խորհրդարանական Բարեկամութեան Պաշտօնական Յայտարարութիւն

By Asbarez | Thursday, 14 March 2013

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Լիթուանիոյ խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարուած է Լեռնային Ղարաբաղի հետ միջխորհրդարանական կապերու հիման վրայ բարեկամութեան խումբի ստեղծման մասին: Ըստ «delfi.lt» կայքէջին, նիստին նախագահող Վիթաութաս Կապշիսը ընթերցած է խումբին ստեղծման մասին յայտարարութիւնը, փափաքողները հրաւիրած է միանալու անոր եւ յայտարարած խումբին առաջին նիստին մասին:

Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար Աուտրոնիւս Աժուպալիսը մտավախութիւն յայտնած է այն մասին, որ նման խումբի մը ստեղծումը կրնայ վնասել Լիթուանիոյ պաշտօնական արտաքին քաղաքականութեան:

Խումբի անդամներէն երեսփոխան Տանկուտէ Միքութենեն ընդգծած է, որ խորհրդարանին մէջ կան այլ չճանչցուած շրջաններու հետ բարեկամական այլ խումբեր եւս:

«Լիթուանիա ժողովրդավարական պետութիւն է, խորհրդարանի անդամը ազատ է, խորհրդարանի անդամները կրնան բարեկամութիւն մշակել այլ երկիրներու խորհրդարաններուն հետ, նոյնիսկ եթէ անոնք պաշտօնապէս ճանչցուած չեն: Հաւանաբար պէտք է ձեզի ներկայացնեմ այն ցանկը, ուր կան նաեւ ձեր խմբակցութեան անդամները՝ Քուպա, Թայուան, Չեչնիա, Թիպեթ», յայտնած է երեսփոխանը։

Լեռնային Ղարաբաղի հետ միջխորհրդարանական բարեկամական խումբի ստեղծման առնչութեամբ Լիթուանիոյ մէջ Ատրպէյճանի դեսպանը բողոքագիր յղած էր այդ երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ նշելով, թէ ատիկա կրնայ ժխտական անդրադարձ ունենալ երկկողմանի յարաբերութիւններուն վրայ։

comments

Advertisement