By Asbarez | Monday, 01 April 2013
ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, 29 Մարտի առաւօտեան ժամը 9:30ին, տեղի ունեցաւ ՀամաՀՄԸՄական միջվարչական դիւաններու 8րդ խորհրդաժողովի բացումը, Նիկոսիոյ «Սեմըլի» պանդոկին մէջ, Կիպրոս։
Խորհրդաժողովին կը մասնակցին ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան կողքին, ՀՄԸՄի 7 Շրջանային եւ 6 Մեկուսի շրջաններէն 40 վարչական քոյրեր եւ եղբայրներ։ Խորհրդաժողովին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Կեդրոնական վարչութեան գործավարութիւնը։
Խորհրդաժողովի մասնակիցներուն բարի գալուստ մաղթեց Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան։ Ապա, մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ ներկաները յարգեցին յիշատակը վերջին շրջանին մահացած բոլոր ՀՄԸՄական քոյրերուն եւ եղբայրներուն։
Խորհրդաժողովի մասնակիցներուն «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով սկիզբ առաւ խորհրդաժողովը, որ շարունակուեցաւ շրջաններուն կողմէ տեղեկագիրներու ներկայացումով։
Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր Կարպիս Գապասագալեան ներկայացուց Կեդրոնական վարչութեան զեկուցագիրը։
Միջվարչական խորհրդաժողովի բոլոր մասնակիցները յուզումով ընկալեցին ՀՄԸՄի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան փոխանցած սրտի խօսքը եւ իրենց եղբայրական զօրակցութիւնը յայտնեցին Սուրիոյ եւ ի մասնաւորի շրջափակուած Հալէպի բոլոր քոյրերուն եւ եղբայրներուն։
Խորհրդաժողովը յառաջիկայ օրերուն պիտի անդրադառնայ շրջանները յուզող զանազան հարցերուն, Յուլիս 2013ին կայանալիք ՀամաՀՄԸՄական 9րդ մարզախաղերուն, ինչպէս նաեւ Ռազմավարական ծրագրաւորումի գործադրութեան հանգրուաններուն։
Երեկոյեան, խորհրդաժողովի բոլոր մասնակիցները ներկայ գտնուեցան Կիպրոսի մէջ հայ համայնքի երեսփոխան Վարդգէս Մահտեսեանի կազմակերպած ընդունելութեան։
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan