Լիբանանի Հայկական Երեսփոխանական Խմբակցութիւնը Կը Զօրակցի Ազգային Շահերու Կառավարութեան

By Asbarez | Thursday, 11 April 2013

 

ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի Հայկական երեսփոխանական խմբակցութեան ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ խմբակցութեան անդամ երեսփոխան Արթիւր Նազարեան, կառավարութեան կազմութեան երեսփոխանական խոր-հրդակցութիւններու ծիրին մէջ, Չորեքշաբթի, Ապրիլ 10ին հանդիպում մը ունեցան վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ, որմէ ետք Բագրատունի յայտնեց. «Հայկական երեսփոխանական խմբակցութիւնը կը զօրակցի Թամմամ Սալամի յայտարարած ազգային շահերու կառավարութեան, որ կը կազմուի սահմանադրութեան եւ Թաէֆի համաձայնագիրին հիման վրայ: Կառավարութիւնը, սահմանադրութեան սկզբունքներուն համաձայն, պէտք է ամբողջական պատասխանատուութիւն ստանձնէ, յատկապէս՝ երկրին դիմագրաւած ներքին ու արտաքին զգայուն պայմաններուն ընթացքին:

Անիկա պէտք է պահպանէ երկրին ապահովական կայունութիւնը, կատարէ երեսփոխանական ընտրութիւնները, ինչպէս նաեւ լուծէ երկրին դիմագրաւած տնտեսական, ընկերային եւ ապրուստի հարցերը: Կառավարութիւնը պէտք է ըլլայ համախոհական եւ կազմուի՝ ապահովելով Լիբանանի քաղաքական շերտերուն մեծագոյն մասնակցութիւնը: Պատրաստակամութիւն յայտնեցինք մաս կազմելու կառավարութեան եւ պահանջեցինք կառավարութեան մէջ լիբանանահայութեան ներկայացուցչութիւնը ապահովել՝ զայն նկատի ունենալով իբրեւ Լիբանանի եօթը հիմնական համայնքներէն մէկը ներկայացնող համայնք մը, ինչպէս հաստատուած է Թաէֆի համաձայնագիրով, ինչպէս նաեւ պահանջեցինք հայութեան կարողութիւններն ու ատակութիւնը հաշուի առնելով՝ անոր յստակ նախարարութիւնները ճշդել՝ համոզուած ըլլալով, որ հայութեան կարողութիւններն ու ատակութիւնը այլ համայնքներու կարողութիւններէն նուազ չեն»:

Բագրատունի նաեւ «Էլ.Պի.Սի.» կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ բոլորը կը մերժեն 1960ի ընտրական օրէնքը, սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ այդ օրէնքը գոյութիւն չունի եւ անոր հիման վրայ որոշ քաղաքական ուժեր եւ անհատներ իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած են:

Բագրատունի ընդգծեց քրիստոնէական արդար ներկայացուցչութիւն ապահովող ընտրական օրէնք մը մշակելու կարեւորութիւնը՝ աւելցնելով, որ անիկա կարելի կը դառնայ, եթէ իրաւունքը իրաւատէրին յանձնելու կամքը գտնուի: «Դժբախտաբար այդ կամքին չգոյութեան պատճառով է, որ քրիստոնեայ համայնքին եւ անոր բոլոր յարանուանութիւններուն արդար ներկայացուցչութիւն ապահովող ընտրական օրէնք մը չկայ», ըսաւ ան:

Հայութեան ստանձնելիք նախարարութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Բագրատունի շեշտեց, որ ՀՅԴն մնայուն կերպով պահանջած է, որ 30 նախարար հաշուող նախարարութիւններուն մէջ լիբանանահայութիւնը ներկայացուի երկու նախարարով, ինչ որ իր արդար չափաբաժինն է: «Ուժային նախարարութիւններու դրութիւնը վերջերս դարձած է տիրական:

70ական եւ 80ական թուականներուն կացութիւնը այսպէս չէր: Այդ թուականներուն Խաչիկ Պապիկեան արդարութեան նախարարութիւնը ստանձնած էր, որովհետեւ ատակ անձնաւորութիւնը եղած է այդ նախարարութիւնը ստանձնելու», ըսաւ ան եւ հաստատեց, որ հայութիւնը իր կարողութիւններով եւ ատակութեամբ եւս պէտք է նկատի առնուի նախարարութիւններու ստանձնումի աշխատանքին մէջ: «Ինչո՞ւ, օրինակ, հայութեան չեն յանձներ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կամ այլ նախարարութիւններ», հարց տուաւ ան:

«Մենք կարիքը ունինք հզօր կառավարութեան, որպէսզի պատրաստ ըլլանք ամէն տեսակի մարտահրաւէր դիմակայելու, որովհետեւ շրջանին մէջ կան փոթորիկներ, Լիբանանի մէջ կրնան ըլլալ անորոշ փոթորիկներ, սահմանային շրջաններու մօտ կայ Իսրայէլը եւ ներքին լիբանանեան առումով կան շարք մը հարցեր», ընդգծեց Բագրատունի:

comments