By Asbarez | Friday, 12 April 2013
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Հայկական երեսփոխանական խմբակցութեան ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Հինգշաբթի, Ապրիլ 11ին, «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, թէ Լիբանանի խառն ընտրական օրէնքին շուրջ համախոհութիւն գոյացնելը այդքան ալ դիւրին պիտի չըլլայ՝ նշելով, որ քաղաքական բոլոր ուժերուն մօտ կայ արդար ընտրական օրէնքի մը յանգելու եւ երեսփոխանական ընտրութիւնները աւելի մօտիկ թուականի մը ընթացքին կատարելու պատրաստակամութիւնը:
Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ մէկ ամսուան ժամանակ կայ խորհրդակցելու, լուրջ աշխատանք տանելու եւ յանգելու համար համամասնական եւ մեծամասնական դրութիւններու հիման վրայ մշակուելիք ընտրական օրինագիծի մը, որուն մէջ կարեւորագոյնը պէտք է ըլլայ լիբանանեան բոլոր համայնքներուն եւ յարանուանութիւններուն արդար եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութեան ապահովումը:
«Համեմատութիւններուն մասին պաշտօնական առաջարկներ չկան, սակայն ամէնէն կարեւորը այն է, որ կարենանք քրիստոնեայ եւ իսլամ համայնքներուն ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը ապահովել: Եթէ համեմատութիւններուն մասին կ՛ուզենք խօսիլ, ապա ամէնէն կարեւորը կը մնայ ընտրաշրջաններուն բաժանումը, որուն հիման վրայ է, որ առողջ արդիւնքներ եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովուի», ըսաւ ան ու շեշտեց, որ ոչ ոք խորհրդարանի ներկայ նստաշրջանը մէկ կամ երկու տարիով երկարաձգելու մասին կը խօսի, իսկ եթէ ամիս մը ետք կարելի չըլլայ ընտրական նոր օրէնքի մը յանգիլ, ապա 1960ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններ պիտի չկատարուին եւ շատ հաւանաբար՝ երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգուին, մինչեւ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովող արդար օրէնքի մը մշակումը:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan