ՀՄԸՄի Կեդրոնական Վարչութեան Բ. Լիագումարի Հաղորդագրութիւնը

By Asbarez | Monday, 15 April 2013

ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութիւնը իր քառամեայ գործունէութեան ժամանակաշրջանին (2011-2015) Բ. լիագումարը կայացուց 28 Մարտ եւ 1 Ապրիլ 2013ին՝ Նիկոսիայ, Կիպրոս:

Երկօրեայ նիստերուն ընթացքին վերագնահատելով ՀՄԸՄի աշխարհացրիւ մասնաճիւղերու գործունէութիւններուն արձանագրած արժեւորումները եւ հիմնուելով իր ընտրութենէն ի վեր կատարուած իրագործումներուն վրայ, ինչպէս նաեւ նկատի ունենալով մերօրեայ բազմատեսակ մարտահրաւէրները, առաջադրեց առաւելագոյն ներուժ մատակարարել բոլոր մարզերուն մէջ:

Ապահովելու համար միութեան շարունակական յառաջխաղացքն ու աշխատանքներու յարատեւ վերելքը՝ կարեւոր նկատեց Ռազմավարական ծրագրաւորումի գործադիր յանձնախումբի ցարդ իրագործած աշխատանքները, ապա ճշդեց անոր երկրորդ հանգրուանի իրագործելի ծրագիրները, որոնք պիտի գործադրուին ենթայանձնախումբերու եւ շրջաններու ու մեկուսի շրջաններու գործունէութեամբ:

Յաջողցնելու համար քառամեայ որոշուած սկաուտական եւ մարզական գործունէութիւնները՝ քննարկեց անոնց մշակած կազմակերպչական եւ նախապատրաստական աշխատանքներու մանրամասնութիւնները եւ առաջադրեց իր ներկայացուցիչներուն ու յանձնախումբերուն վստահիլ անոնց իրագործումը:

Նկատի ունենալով, որ ընթացիկ տարին կը զուգադիպի Հայաստանի առաջին անկախութեան եւ միութեանս հիմնադրութեան 95ամեակին, որոշեց շրջաններուն թելադրել միաժամանակ եւ յատուկ տօնակատարութիւններով արժեցնել պանծալի յիշատակները:

Կարեւոր նկատելով Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման միջոցառումները՝ որոշեց այժմէն իր շարքերը զօրակոչի ենթարկել եւ ոչինչ խնայել կատարուելիք աշխատանքներուն նկատմամբ, ինչպէս նաեւ գործուն դերակատարութիւն ունենալ բոլոր նախաձեռնութիւններուն մէջ:

Արծարծելով Արցախի մէջ սկաուտական ու մարզական միաւորներ ստեղծելու կարելիութիւնները եւ անոնց արձանագրութեան հոլովոյթը՝ որոշեց գործուղումներով եւ տեղւոյն ընծայած յարմարութիւններով յառաջ տանիլ աշխատանքները:

Վերատեսութեան ենթարկելով քոյր մասնաճիւղերու գործունէութիւնները եւ անոնց որդեգրած աշխատելաոճը՝ յետ քննարկման առաջադրեց յատուկ ուղեգիծի մը հիմամբ շարունակել սկսուած աշխատանքները:

Վերագնահատելով «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի լոյս ընծայման անհերքելի կարեւորութիւնն ու պահանջը՝ որոշեց միաժամանակ օգտագործել արդի համացանցային դրութիւնն ու անոր ապահովել անհրաժեշտ տարածումն ու նիւթականը:

Անդրադառնալով Սուրիոյ իրավիճակին եւ յատկապէս հալէպահայութեան առօրեայ դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու տագնապներուն, ինչպէս նաեւ մահ ու կենաց պայքարի իրողութեան՝ որոշեց բարոյապէս ու նիւթապէս սատար հանդիսանալ անոր եւ զօրաւիգ կանգնիլ ՀՄԸՄի ընտանիքի անդամներուն:

Վերարժեւորելով իր գործելաձեւն ու ներվարչական կեանքը, ինչպէս նաեւ իր փոխյարաբերութեան աշխատելաոճը շրջաններուն հետ՝ առաջադրեց կառչած մնալ ընդհանուր կանոնագրութեան թելադրած տրամադրութիւններուն ու ոգիին:

Վարչութիւնս իր երկօրեայ նիստերուն աւարտով, ՀՄԸՄի շարքերը կը յորդորէ յանձնառու գիտակցութեամբ շարունակել սերունդներու առողջ դաստիարակութիւնը՝ ի փառս եւ ի պանծացումն մեր միութեան ու անոր վեհաբարբառ նշանաբանին՝ «Բարձրացի՛ր-բարձրացու՛ր»ին:

ՀՄԸՄ-Ի
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

comments