By Asbarez | Monday, 15 April 2013
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Ազգային վարչութիւնն ու Ազգ. վարժարանները կը յայտարարեն, թէ UCLA համալսարանի յարկին տակ հաստատուած «Dream Fund»ը այս տարի եւս իշխանական յատկացումներ կատարած է Արեւմտեան թեմի Ազգ. վարժարաններուն։
Արդարեւ, Երեքշաբթի, Ապրիլ 9ի առաւօտուն, առաջնորդ սրբազանն ու Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչները, Ազգ. առաջնորդարանին մէջ հիւրընկալեցին Ազգ. վարժարաններու խնամակալ մարմինի ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ վարժարաններու տնօրէններն ու մանկամսուրներու վարիչները՝ անոնց յանձնելու համար իւրաքանչիւր վարժարանի տրամադրուած յատկացումը։ Առաջնորդին կողքին, ներկայ էին նաեւ Ազգ. վարչութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեան եւ փոխատենապետ Ճորճ Չորպաճեան, Խնամակալ մարմինէն՝ համաատենապետներ Մակի Սարգունի եւ Սագօ Պէրպէրեան, իսկ վարժարաններու տնօրէններէն՝ Ժան Գոսագեան, տոքթ. Ալինա Տորեան, Վազգէն Մատէնլեան, Գոհար Զահըր, Հելեն Մանուչարեան եւ Արսինէ Աղազարեան, որոնք ստանձնեցին յատկացուած գումարները։
Նուիրատուութիւն յատկացուած է հետեւեալ վարժարաններուն.
Ազգ. Մեսրոպեան վարժարան, Մոնթեպելլօ
Ազգ. Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս վարժարան, Հոլիվուտ
Ազգ. Ֆերահեան վարժարան, Էնսինօ
Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան վարժարան, Կլենտէյլ
Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարան, Օրենճ Քաունթի
Ազգ. Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական վարժարան, Սան Ֆրանսիսքօ
Ազգ. Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան մանկամսուր, Կլենտէյլ
Ազգ. Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան մանկամսուր, Փասատինա:
Սրբազանը, Ազգային վարչութիւնն ու Խնամակալ մարմինը շնորհակալութեան զգացումներով արտայայտուեցան այս առատաձեռն նուիրատուութեան առթիւ։ Այս յատկացումները կը ծառայեն մեր վարժարաններու արդիականացման ու բարելաւման ծրագիրներու իրականացման գործին։
Խնամակալ մարմինի եւ վարժարաններուն անունով, Սագօ Պէրպէրեան շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան յատուկ խօսք ուղղեց առաջնորդին, Ազգային վարչութեան եւ յատկապէս՝ «Dream Fund»ի պատասխանատուներուն, այս իշխանական յատկացումներուն համար։
«Այս նորագոյն յատկացումը մեծապէս պիտի նպաստէ մեր վարժարաններուն՝ թեթեւցնելով իրենց նիւթական բեռները, ինչպէս նաեւ պիտի օժանդակէ, որ մեր վարժարանները օժտուին արդի արհեստագիտական միջոցներով, ի խնդիր վարժարաններու որակական բարելաւման։ Շնորհակալ ենք եւ երախտապարտ «Dream Fund»ին եւ բարերար Գըրգ Գըրգորեանին», իր կարգին յայտարարեց առաջնորդ Մարտիրոսեան։
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan