ԱՄՆի Նախկին Դեսպանը Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Կոչ Կ՛ընէ

By Asbarez | Monday, 22 April 2013

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Ցեղասպանութիւն եզրը ժամանակին «ոչ պատշաճ» կը նկատուէր, իսկ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերուն դէմ արարքներուն անդրադառնալը թապու էր. նոյնիսկ կարելի չէր քննարկումներ կատարել այդ մասին», ըսած է Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր նախկին դեսպան Ճան Մարշըլ Էվընզ, «Ֆրեզնօ Պի»ի մէջ: Ան աւելցուցած է, որ այնքան ատեն, որ աշխարհը չէ լուծած Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը, անիկա պիտի շարունակէ իր վնասակար հետեւանքները ունենալ:

«2005ի Փետրուարին, Քալիֆորնիոյ մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին արտայայտուելէ ետք ես վերադարձայ Հայաստան, որպէս դեսպան, սակայն ինձմէ պահանջեցին, որ կատարեմ այնպիսի յայտարարութիւն մը, որ պիտի ձգէ այն տպաւորութիւնը, թէ՝ այն, ինչ Քալիֆորնիոյ մէջ ըսած էի, տեղին չէր», նշած է Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպանը:

Էվընզ կ՛ըսէ, թէ ինք այն ատեն գիտակացած է, որ պէտք է կտրուկ քայլերու դիմէ՝ Ցեղասպանութեան մասին արտայայտուելու թապուն վերցնելու համար: «Այդ իրականութիւնը պէտք էր փոխել, նոյնիսկ եթէ ես զրկուէի իմ պաշտօնէս», ըսած է ան:

Էվընզ 2006ին պաշտօնազրկուեցաւ. ան կը շարունակէ հանդէս գալ Ցեղասպանութեան եւ զայն ճանչնալու կարեւորոււթեան մասին ելոյթներով:

comments