* To view this website properly, download the free Armenian font here »
Advertisement
Upcoming Events »
23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details 26 May , 2012: Mayis 28 Dinner Dance with Joseph Krikorian - Click here for details 30 June , 2012: Classical Music Concert presenting Young Musical Talent - Click here for details 14 July , 2012: Reserved Date - Click here for details 04 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 05 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 11 August , 2012: Blackbird - The Official Launch - Click here for details 23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details

Դաշնակցութիւնը Բողոքեց Տաւութօղլուի Լիբանան Այցելութեան Դէմ

Tuesday, 04 August 2009     |    |   

Source: Aztag Daily
Tags: davutoglu, arf, lebanon

ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ.- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլուի Լիբանան տուած պաշտօնական այցելութեան աւարտին, Ուրբաթ, 31 Յուլիս 2009ին, Պէյրութի «Մուվենփիք» պանդոկին դիմաց, երբ Տաւութօղլու կ՛ունենար իր եզրափակիչ հանդիպումը լիբանանեան լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ, ա՛յն պահուն ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական միութենէն (ԼԵՄ) եւ «Զաւարեան» Ուսանողական միութենէն (ԶՈՄ) շուրջ հարիւր երիտասարդներ համախմբուեցան՝ յայտնելու համար իրենց բողոքի կեցուածքը։

Ցուցարարները կոչ ուղղեցին Տաւութօղլուին հեռանալու Լիբանանէն, քանի որ Թուրքիա իր կեղծ դիմակով կը ներկայանայ հանրութեան՝ ծածկելու համար իր իսկական դիմագիծը։ Ցուցատախտակներուն վրայ գրուած էին՝ «Լիբանանահայերը չեն ողջուներ ձեր այցելութիւնը Լիբանան», «Տաւութօղլո՛ւ, հաւաքէ՛ հարաւային Լիբանան տեղակայուած թրքական զօրքերը եւ հեռացի՛ր Լիբանանէն», «Թուրքիա չի կրնար ստանձնել խաղաղարար դերակատարութիւն» եւ այլ լոզունգներ:

Այս առիթով ՀՅԴ ԼԵՄը եւ ԶՈՄը հրապարակած էին միացեալ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած էր, թէ լիբանանցիները հաւաքաբար համաձայնած էին մերժել արտաքին միջամտութիւնները, եւ թրքական այս այցելութիւնը ունի իր դրդապատճառներն ու նպատակները, որոնք անպայմանօրէն չեն համապատասխաներ Լիբանանի շահերուն։

Հաղորդագրութեան մէջ հարց կը տրուի, թէ ինչո՞ւ այս պահուն Թուրքիա միջնորդի դեր կը ստանձնէ Սուրիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ, եւ արդեօք այս քայլը կը նպատակադրէ՞ ծածկել Թուրքիոյ անմարդկային արարքներն ու ոճիրները։

ՀՅԴ ԼԵՄն ու ԶՈՄը նաեւ կը հաստատեն, թէ իրենք՝ իբրեւ երիտասարդութիւն եւ ուսանողութիւն, չեն մոռցած անցեալը եւ Թուրքիոյ բարբարոսութիւնները Լիբանանի ու հայ ժողովուրդին նկատմամբ, եւ այս ծիրին մէջ կոչ կ՛ուղղեն լիբանանցի եղբայրներուն, որպէսզի իրենք եւս չմոռնան իրենց անցեալը։

Նշենք, որ շուրջ մէկ ժամ տեւած ցոյցը ընթացաւ խաղաղ պայմաններու մէջ, եւ չարձանագրուեցաւ որեւէ ապահովական միջադէպ։ Բանակը եւ ապահովական ուժերը մեծաթիւ ներկայութեամբ կը հսկէին ցոյցի խաղաղ ընթացքին, եւ ԼԵՄի ու ԶՈՄի պատասխանատուները ցուցաբերած էին բանակին ու ապահովական ուժերուն հետ համապատասխան գործակցութիւն։ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան գործավարը, որ մերժեց տալ իր անունը, պաշտօնապէս եկաւ խնդրելու, որ կանգ առնէ ցոյցը, որպէսզի համապատասխան մթնոլորտ չստեղծէ, քանի որ ցուցարարներուն կանչերը լսելի դարձած էին պանդոկին ամբողջ շրջակայքը։

Facebook   Twitter   Technorati   Stumble Upon   Digg   Linked In  

Comments



Post your comments

* mandatory fields.
For security purposes, please copy the following characters into the textbox. Captcha

Headlines

Advertisement