Նիւ Եորքի Մէջ Հաւաք՝ «Թայմզ» Հրապարակին Վրայ

By Asbarez | Monday, 29 April 2013

ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Ապրիլ 21ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 98րդ տարեդարձը նշուեցաւ, քաղաքի կեդրոնը հանդիսացող «Թայմզ» հրապարակին վրայ:

Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգուեցաւ մէկ ու կէս միլիոն նահատակ հայերու եւ Պոսթընի մէջ վերջերս զոհ գացած քաղաքացիներու յիշատակը, որմէ ետք բացման աղօթքը կատարեց Արեւելեան Ամերիկայի Կիլիկեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեան:

Վերապրող երեք հայուհիներ՝ Փերուզ Գալուստեան (104 տարեկան), Ազնիւ Գալուստեան (103 տարեկան) եւ Շարլոթ Քեչիճեան (101 տարեկան) ժամանած էին Նիւ Եորքի հայկական ծերանոցէն: Անոնք դիմաւորուեցան յոտընկայս ծափողջոյններով:

Օրուան հանդիսավարներ էին Հարաւային Քընեթիքըթ նահանգային համալսարանի նախագահ դոկտ. Մերի Փափազեան եւ փաստաբան Արմէն Մքօմպըր, որոնք ամէնայն հմտութեամբ վարեցին հանդիսութիւնը:

Պոսթընէն հրաւիրուած էր Մեսեչուսեց նահանգի Միտըլսեքս շրջանի շերիֆ Փիթըր Գութուճեան:

Երկու ժամ տեւողութեամբ յայտագիրին հետեւեցան նաեւ հրապարակին վրայ եղող հազարաւոր զբօսաշրջիկներ ու անցորդներ:

comments