Երուսաղէմի Պատրիարքը Իսրայէլին Կոչ Կ՛ընէ Ճանչնալու Ցեղասպանութիւնը

By Asbarez | Tuesday, 30 April 2013

 

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ.- Իր Երեքշաբթի, Ապրիլ 30ի թիւով, իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» թերթը կը տեղեկացնէ, թէ Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեան, Կիրակի օր կայացած գիտաժողովի մը ընթացքին կոչ ըրած է Իսրայէլի իշխանութիւններուն, որ անյապաղ ճանչնան Հայկական Ցեղասպանութիւնը:

Մանուկեանի կոչը Հրէական համալսարանին մէջ կարդացուած է նոյն համալսարանէն ներս գործող Հայագիտական ուսմանց ծրագիրի հիմնադիր փրոֆ. Մայքըլ Սթոնի կողմէ:

comments