By Asbarez | Tuesday, 30 April 2013
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ինչպէս ծանօթ է, շուրջ շաբաթ մը առաջ Հալէպի Յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Պուլոս Եազիժի եւ Ասորի ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Եուհաննա Իպրահիմ առեւանգուեցան զինեալներու կողմէ, Հալէպէն դուրս շրջանի մը մէջ: Առեւանգումէն անմիջապէս ետք, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը նախ կապ պահեց Հալէպի մեր Ազգային առաջնորդարանին հետ եւ որոշ տեղեկութիւններ ստացաւ առեւանգման դէպքին գծով: Ապա վեհափառը առանձնաբար կապեր հաստատեց Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքարանին եւ Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքարանին հետ: Խորհրդակցութիւններէն ետք որոշուեցաւ յայտարարութիւն չկատարել՝ չգրգռելու համար երկու առաջնորդները առեւանգած խումբը:
Մինչ այդ, վեհափառին լուրեր փոխանցուեցան շրջանային երկիրներու եւ արեւմտեան կարգ մը երկիրներու բարձրաստիճան պատասխանատուներու կողմէ Թուրքիոյ ու Քաթարի ճամբով տարուող աշխատանքներուն մասին: Երեքշաբթի, Ապրիլ 30ի առաւօտեան, վեհափառ հայրապետը դարձեալ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ երկու պատրիարքարաններուն հետ: Յարմար նկատուեցաւ այս հանգրուանին դիւանագիտական միջոցներու ճամբով շարունակել աշխատանքը:
Յայտնենք, թէ առեւանգումէն մէկ օր ետք սխալ լուրեր տարաձայնուած էին, թէ՝ առաջնորդները ազատ արձակուած են:
Երեքշաբթի օր, Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները եւս կոչ ըրին առաջնորդները առեւանգած կողմերուն, որ անյապաղ ազատ արձակեն զանոնք:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan