Հալէպի Մէջ Դարձեալ Հայ Մը Զոհուած է

By Asbarez | Thursday, 02 May 2013

Այսօր՝ 2 Մայիս 2013-ին, կէսօրէ ետք ժամը  3.30-ին Հալէպի «Ալ Ռաշիտին» շրջանին մէջ, պատահական գնդակի մը զոհ գացած է 1956-ի ծնունդ Ռաֆֆի Տաղլեանը: Այս մասին կը յայտնէ «Aleppo armenian news» facebook-եան էջը:

ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կապ հաստատեց Հալէպի իր հաւաստի աղբիւրներուն հետ, որոնք լուրի իսկութիւնը  հաստատեցին։

comments