Ժիպէյլի Մէջ «Արմէնիա» Փողոցի Բացումը

By Asbarez | Wednesday, 08 May 2013

Կիրակի, 28 Ապրիլին, Ժիպէյլի ՀՅԴ «Քեռի» կոմիտէի կազմակերպութեամբ Ժիպէյլի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 98ամեակի ոգեկոչում՝ «Թռչ-նոց Բոյն»ին մէջ:

Ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Մասիս վրդ. Զօպուեան, Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, Ժիպէյլի մարոնի համայնքի առաջնորդ Միշել Աուն եպիսկոպոս, հրաժարեալ կառավարութեան մէջ պետական նախարար Փանօս Մանճեան, Ժիպէյլի շրջանի երեսփոխաններ Ուալիտ Խուրի, Սիմոն Ապի Ռամիա եւ Ապպաս Հաշեմ, Ժիպէյլի քայմաքամ Նաժուա Սուէյտան-Ֆարահ, քաղաքապետ Զիատ Հաուաթ, Ժիպէյլ գաւառի տարբեր շրջաններու քաղաքապետներ, քաղաքապետական խորհուրդներու անդամներ, թաղապետեր, տարբեր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հոծ բազմութիւն մը:

Ոգեկոչման ձեռնարկէն առաջ տեղի ունեցաւ ԱպրիլԵան եղեռնի յուշարձանի եւ «Արմէնիա» փողոցի բացում՝ ներկայութեամբ ՀՄԸՄի շեփորախումբին: Այնուհետեւ ներկաները հետիոտն ուղղուեցան դէպի ոգեկոչման ձեռնարկին վայրը՝ «Թռչնոց Բոյն»ին բակը: Ձեռնարկին հանդիսավարն էր «Վանայ Ձայն»ի խօսնակ Հալա Հատտատ:

Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ «Քեռի» կոմիտէի ներկայացուցիչ տոքթ. Յակոբ Կարապետեան:

Յաջորդաբար խօսք առին Ժիպէյլի մարոնի համայնքի առաջնորդ Միշել Աուն եպիսկոպոս, Ժիպէյլի քաղաքապետ Զիատ Հաուաթ, նախարար Փանօս Մանճեան:

Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր: Երգեցին Ալիս Իփրաճեան, Լուսին Տեմիրճեան, Յարութ Լեփեճեան եւ Շաքէ Պաղտասարեան՝ նուագակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի:

Վեհափառ հայրապետին անունով խօսք արտասանեց Մասիս վրդ. Զօպուեան:

Աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն «Թռչնոց Բոյն»ի գերեզմանատան մէջ՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած որբերուն հոգիներուն համար:

comments