By Asbarez | Monday, 13 May 2013
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն ատեանին յղուած Ուրբաթ, Մայիս 10 թուակիր նամակով մը, նախագահ Պարաք Օպամայի կառավարութեան փաստաբանը կոչ ըրած է ատեանին, որ չքննէ Հայկական Ցեղասպանութեան օրերուն ապահովագրութիւն գնած հայորդիներու իրաւունքներուն վերաբերող հար-ցը:
Յիշեցնենք, թէ Միացեալ Նահանգներու Շրջանային 9րդ ատեանը բեկանած էր Քալիֆորնիոյ նահանգային այն օրէնքը, որ ապահովագրական ընկերութիւններէն իրենց իրաւունքներուն վերատիրանալու արտօնութիւն կու տար ապահովագրութիւն գնողներու ժառանգորդներուն: Գերագոյն ատեանը Հոկտեմբեր 2012ին դիմած էր Օպամայի կառավարութեան՝ անոր կարծիքը խնդրելով:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան դատապարտեց Օպամայի այս քայլը՝ զայն Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին կատարուած նուէր մը նկատելով, անոր Ուաշինկթըն այցելութեան նախօրեակին:
Համբարեան շեշտեց, թէ այս քայլը նպատակ ունի ոտնկախել իրենց իրաւունքներուն վերատիրանալու ամերիկացի քաղաքացիներուն իրաւունքը եւ կը խորացնէ Ցեղասպանութեան ուրացման արշաւին մէջ Օպամայի կառավարութեան մեղսակցութիւնը:
Կառավարութեան կեցուածքին հակադրութեամբ, Գերագոյն ատեանին ցարդ ներկայացուած են Քալիֆորնիոյ օրէնքին ի նպաստ շարք մը կարծիքներ, որոնց շարքին են՝ Քալիֆորնիա, Նեւատա, Միշիկըն եւ Ռոտ Այլընտ նահանգներու ընդհանուր դատախազներու, յաջորդաբար՝ Քամալա Հերիսի, Քեթրին Քորթեզ Մասթոյի, Պիլ Շուէթի եւ Փիթըր Քիլմարթինի կարծիքները:
Գերագոյն ատեանին յղուած 27 էջնոց նամակին մէջ, Օպամայի կառավարութիւնը կը պնդէ, թէ Քալիֆորնիան իր իրաւասութիւններէն դուրս օրէնքներ սահմանած է՝ աւելցնելով, թէ Ուաշինկթըն անյարմար կը նկատէ Օսմանեան շրջանին պատահած քաղաքական բնոյթով դատեր քննարկութեան ենթարկելը։
Համբարեան կը յայտնէ, որ հակառակ Օպամայի կառավարութեան այս որոշումին, Հայ Դատը պիտի շարունակէ հետապնդել այս հարցը՝ պահանջելով հայերու իրաւունքներուն արդար հատուցումը:
Դատը անցած է իրաւական երկար ու բարդ ճամբայէ մը, որուն ընթացքին Շրջանային 9րդ ատեանը երեք տարբեր ու հակասական վճիռներ արձակած է. անոնցմէ վերջինը՝ Փետրուար 23, 2012ին, որ կը բեկանէր Քալիֆորնիոյ օրէնքը: Անկէ ետք, դատը ներկայացուեցաւ Գերագոյն ատեանին:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.anca.org/legal/insuranceclaims կայքէջը:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan