By Asbarez | Monday, 21 February 2011
«Լոս Անճելըս Թայմզ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Չորեքշաբթի, Փետրուար 16ին, Կլենտէյլի եւ Արեւելեան Հոլիվուտի մէջ տեղի ունեցած լայնածաւալ գործողութեան մը ընթացքին, ապահովական մարմինները ձերբակալած են հայկական հրոսակախումբերու անդամներ, որոնց մեծ մասը անդամ է «Արմինիըն Փաուըր» անունով ծանօթ հրոսակախումբին, որ 1980ականներու վերջերը մէջտեղ եկած էր:
Քանի մը տասնեակ հոգի բանտարկուած է. ձերբակալուած ու ամբաստանուածներուն թիւը հասած է 100ի:
Պըրպենքի, Կլենտէյլի եւ Լոս Անճելըսի ոստիկանական ուժերուն, ինչպէս նաեւ «Էֆ.Պի.Այ.»ի, «Այ.Ար.Էս»ի, գաղտնի սպասարկութեան, ներգաղթի եւ մաքսային ոստիկանութեան ու Լոս Անճելըս գաւառի ոստիկանութեան համատեղ ջանքերով իրականացուած գործողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերած են մօտաւորապէս 1000 ոստիկաններ:
Ապահովական մարմինները մերժեցին յաւելեալ տեղեկութիւններ բացայայտել՝ շեշտելով, թէ գործողութիւնը կը շարունակուի:
Ձերբակալեալները ամբաստանուած են բռնի ուժով դրամ պահանջելու, առեւանգումներու, թմրեցուցիչի առուծախով զբաղելու եւ շարք մը այլ զեղծարարութեանց դիմելու յանցանքներով:
Ձերբակալութեանց մեծ մասը իրագործուած է առանց միջադէպի, իսկ շարք մը կասկածելիներու հետապնդումը կը շարունակուի:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan