«Զուիցերիոյ Հայերն Ալ Յուշարձան Բանալու Կը Պատրասուին»

By Asbarez | Tuesday, 21 May 2013

Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը, Զուիցերիոյ հայերու ծրագրած Հայկական Ցեղասպանութեան յուրարձանի մը Ժընեւի մէջ զետեղման մասին, թրքական մամուլին մէջ տեղ գտած արձագանգը կը փոխանցէ հետեւեալ տողերով.

«Թուրք մամուլը կը հաղորդէ, թէ Հայկական Սփիւռքը Զուիցերիոյ մէջ ալ կը ջանայ յառաջ տանիլ ցեղասպանութեան առընչակից իր քաղաքականութիւնը։ Հայերը այժմ կ՛ուզեն Արիանա կոչուած հանրային պարտէզին մէջ բանալ Հայկական Ցեղասպանութեան յուշարձան մը։ Այս հանրային պարտէզը նշանաւոր է բազմաթիւ յուշարձաններու տեղ տուած ըլլալով, եւ ամէն տարի հարիւր հազար այցելու կը շրջի պարտէզին մէջ։ Ժընեւի Քաղաքապետական խորհուրդը յայտնեց, թէ կարելի է ընթացք տալ հայերու առաջարկին եւ հայկական յուշարձանը զետեղել հոն։ Այս յուշարձանը գործն է փարիզաբնակ հայ քանդակագործ Մելիք Օհանեանին։

«Թուրք մամուլը  կը յայտնէ, որ Զուիցերիոյ մէջ բնակող թուրքերը շատ անհանգստացած են Ժընեւի Քաղաքապետութեան խորհուրդի այս կեցուածքէն, քանի որ Զուիրեցիա ծանօթ է որպէս անկողմնակալութեան ախոյեան երկիր։ Ուստի Զուիցերիա պէտք չէ ընթացք տայ միակողմանի նմանօրինակ պնդումի մը»։

comments