By Asbarez | Thursday, 23 May 2013
ՊԷՅՐՈՒԹ.- ՀՄԸՄի 95ամեայ պատմութեան մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով, համա-ՀՄԸՄական 9րդ մարզախաղերը տեղի պիտի ունենան Երեւան, 27 Յուլիսէն 3 Օգոստոս 2013ին։
Մարզախաղերուն պիտի մասնակցին մօտաւորապէս 600 մարզիկներ, որոնք Երեւանի մէջ պիտի համախմբուին՝ ժամանելով աշխարհի զանազան երկիրներէ, իրենց հայրենի հողին վրայ մրցելու եւ անոր հանդէպ իրենց ունեցած սէրն ու կարօտը յագեցնելու համար։
Մարզախաղերը պիտի ընդգրկեն հետեւեալ մարզաձեւերը. տղոց եւ աղջկանց պասքեթպոլ, կրտսեր տղոց եւ աղջկանց պասքեթպոլ, տղոց եւ աղջկանց անհատական ճատրակ, տղոց ֆութպոլ, աղջկանց վոլիպոլ, տղոց եւ աղջկանց աթլեթ, տղոց եւ աղջկանց թենիս, տղոց եւ աղջկանց փինկ-փոնկ եւ տղոց եւ աղջկանց լող:
Համա- ՀՄԸՄական մարզախաղերը լաւագոյն ձեւով իրագործելու եւ ՀՄԸՄի մասին հայրենի ժողովուրդին աւելի լայն ծանօթութիւն տալու համար, նկատի առնուած է բացման հրապարակային հանդիսութիւն մը, որուն պիտի հրաւիրուի հանրութիւնը։ Տեղի պիտի ունենայ տողանցք՝ մարզիկներու մասնակցութեամբ եւ, աւարտին, երգահանդէս-փառատօն մը Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն հրաւիրուած երգիչներու մասնակցութեամբ։
Մարզախաղերու մասնակից մարզիկներն ու յանձնախումբերու անդամները Ծիծեռնակաբերդ այցելութեամբ յարգանքի իրենց տուրքը պիտի մատուցեն Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, ապա անոնք պիտի այցելեն նաեւ Եռաբլուր։ Մասնակիցներուն համար նկատի առնուած է նաեւ յատուկ դաստիարակչական ծրագիր։
Հայրենի հողին վրայ տեղի ունեցող Համա- ՀՄԸՄական 9րդ մարզախաղերը իրենց աւարտին պիտի հասնին Յաղթանակի ճաշկերոյթ-պարահանդէսով։
Համա-ՀՄԸՄական 9րդ մարզախաղերուն կապուած նորութիւններուն կարելի է հետեւիլ հետեւեալ կայքին ճամբով՝
www.homenetmen.org կամ կապուիլ office@homenetmen.org ե-նամակի հասցէին։
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan