Գանատահայ Բողոքի Ձայն Բարձրացուցին Օթթաուայի Ատրպեճանական Դեսպանատան Առջեւ

By Հորիզոն | Tuesday, 01 March 2011

ՕԹԹԱՈՒԱ, «Հորիզոն».- Փետրուար 22ին, գանատահայ երիտասարդութիւնը իր ցասման եւ բողոքի ձայնը բարձրացուց Օթթաուայի ատրպեճանական դեսպանատան դիմաց, դատապարտելով հայութեան դէմ գործադրուած ատրպեճանական ոճիրներու շարանը: Բողոքի ցոյցը կազմակերպուած էր ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեան եւ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան կողմէ, որոնց անդամներուն միացած էին ՀՕՄի Թորոնթոյի ամէնօրեայ վարժարանի եւ Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի երկրորդական բաժիններէն աշակերտներ, ինչպէս նաեւ Գեմպրիճէն եւ Օթթաուայէն ուսանողներ:

Ոստիկանութեան հսկողութեան տակ, 300 ցուցարարները անցորդ քաղաքացիներուն բաժնեցին հազարաւոր ծանուցաթերթեր, որոնք մանրամասն տեղեկութիւններ կը փոխանցէին Պաքուի, Սումկայիթի եւ Մարաղայի մէջ հայութեան դէմ գործադրուած ատրպէյճանական ոճիրներուն մասին:

Հայ երիտասարդներու կողքին էին հայութեան դատի պաշտպան գանատացի քաղաքական դէմքեր, որոնց շարքին՝ Գանատայի Խորհրդարանի անդամ Ճիմ Գարիճիանիս, խորհրդարանի անդամ Նիքոլ Տեմէրս եւ Օնթարիոյի նահանգային խորհրդարանի նախկին նախագահ Տէյվիտ Ուորնըր: Քաղաքական այս երեք անձնաւորութիւնները բեմահարթակէն իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Արցախի ժողովուրդին եւ համայն հայութեան եւ խստօրէն դատապարտեցին հայութեան դէմ ի գործ դրուած ատրպէյճանական ոճիրները եւ ատրպէյճանցի զինուորներու կողմէ Հին æուղայի հայկական պատմամշակութային արժէք ներկայացնող բազմահարիւր հնադարեան խաչքարերու աւերումն ու ջարդը:

Ատրպէյճանական հայասպանութեան արարքները դատապարտող գանատահայ երիտասարդութեան անունով գրուած բողոքի նամակը մերժուեցաւ ատրպէյճանական դեսպանատան կողմէ:

Բողոքի պաստառներուն վրայ գրուած էին «Մի ժխտէք ձեր ոճիրները», «Ազերիներն են պատասխանատուն Խոջալուի ջարդին», «Երբեք պիտի չմոռնանք Պաքուի եւ Սումկայիթի հայ անմեղ զոհերը»: Պարզուած էին նաեւ խաչքարերու լայնածաւալ պաստառներ:

Երիտասարդութեան խօսքը փոխանցեց ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեան ատենապետ Յարութիւն Մանուկեան, որ գնահատեց հարիւրաւոր երիտասարդներու հայրենասիրութիւնը, որոնք իրենց առօրեայ աշխատանքները թողած արձագանգած էին գանատահայ երիտասարդութեան կոչին եւ մասնակից դարձած բողոքի ցոյցին: Ան շեշտեց, որ գանատահայ երիտասարդութիւնը յանձնառու կը մնայ Հայ Դատի պայքարին նկատմամբ:

Բողոքի այս ցոյցին անդրադարձան Գանատայի պետական ռատիոկայանը՝ CBC radio, Embassy Magazine, A-tv հեռուստակայանը եւ Ottawa Sun ու Ottawa Citizen օրաթերթերը:

Ատրպէյճանական դեսպանատան ուղղուած նամակը ստորագրած էին հետեւեալ գանատահայ երիտասարդական ուսանողական կազմակերպութիւնները.

Armen Karo Student Association
Armenian Youth Federation of Canada
Armenian National Committee of Canada
Armenian General Benevolent Union Young Professionals of Montreal
Armenian Student Association at Ryerson University
Armenian Student Association of Ottawa
Armenian Student Association of the University of Toronto Scarborough
Armenian Studentsÿ Association at York University
Armenian Studentsÿ Association of McMaster University
Concordia University Armenian Studentsÿ Association
McGill Armenian Studentsÿ Association
Universite de Montreal Armenian Studentsÿ Association
University of Waterloo Armenian Students Association
Armenian Studentsÿ Association of the University of Toronto – St. George Campus

comments

Advertisement