Փալոն Եւ Իշու Կ՛ոգեկոչեն Սումգայիթի Զոհերուն Յիշատակը

By Azbarez | Tuesday, 01 March 2011

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Քոնկրեսականներ Ֆրենք Փալոն եւ Աննա Իշու Երեքշաբթի, Փետրուար 22ին հրապարակուած յայտարարութիւններով ոգեկոչած են Սումգայիթի սպանդի զոհերուն յիշատակը՝ դատապարտելով հայերու դէմ ատրպէյճանցիներու եւ թուրքերու կողմէ շարունակուող ոճիրները:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Արամ Համբարեան շնորհակալութիւն յայտնեց քոնկրեսականներուն, որոնք ատրպէյճանցիներու ձեռամբ Սումգայիթի եւ Ատրպէյճանի այլ քաղաքներուն մէջ իրագործուած հայերու այս սպանդին 23րդ տարելիցին առիթով, նման յայտարարութիւններ կը կատարեն:

Փալոն եւ Իշու իրենց յայտարարութեանց մէջ նաեւ կը նշեն, թէ Սումգայիթի ջարդերուն յաջորդեց Ատրպէյճանի մէջ բնակչութիւն հաստատած մօտաւորապէս 450,000 հայերու արտագաղթը, որուն հետեւանքով, Ատրպէյճանի հայերը «անհետացան»:

Իշու կ՛աւելցնէ, թէ այս դէպքերը իրեն համար յատուկ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն, որովհետեւ իր ընտանիքին անդամները Հայկական Ցեղասպանութեան օրերուն պարտադրուած են արտագաղթել իրենց հայրենիքէն, միաժամանակ ցաւ յայտնելով, որ 96 տարի ետք իսկ, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը տակաւին պաշտօնական ճանաչում չէ շնորհած այդ ոճիրին:

Իր կարգին, Համբարեան ցաւ կը յայտնէ, թէ Պաքու ոչ միայն չէ դատապարտուած այս ոճիրներուն համար, այլ կը շարունակէ իր սպառնալիքները եւ նոր պատերազմ մը սկսելու յարձակողապաշտ ազդարարութիւնները, Արցախի տագնապը բանակցութեանց ճամբով լուծելու ընտրանքին հետեւելու փոխարէն:

comments

Advertisement