By Asbarez | Friday, 31 May 2013
ՊԱԹՈՒՆ ՌՈՒԺ, Լուիզիանա.- Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Լուիզիանա նահանգի Ծերակոյտը Հինգշաբթի, Մայիս 30ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան աջակցող բանաձեւ մը վաւերացուցած է՝ միաժամանակ կոչ ընելով Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին ու նախագահին, որ աջակցին ԼՂՀ ինքնորոշման իրաւունքին ու ժողովրդավարական անկախութեան:
Լուիզիանա նահանգի Ծերակոյտի բանաձեւին մէջ կ՛ըսուի. «Լուիզիանայի օրէնսդիր մարմինի Ծերակոյտը կ՛ողջունէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ջանքերը եւ կ՛աջակցի անոնց, որպէսզի ան, իբրեւ ազատ եւ անկախ պետութիւն, իր քաղաքացիներուն ապահովէ ազատ եւ անկախ հասարակութիւններու բնորոշ իրաւունքներ: Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Քոնկրեսին կոչ կ՛ըլլայ աջակցելու ԼՂՀ ինքնորոշման ու ժողովրդավարական անկախութեան եւ անոր կառուցողական մասնակցութեան՝ միջազգային հանրութեան ջանքերուն, որպէսզի արդար եւ ամուր կարգաւորում կայանայ ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող այդ տարածաշրջանի ապահովական հարցերուն մէջ»:
Բանաձեւը ներկայացուած էր ծերակուտական Էտուին Մըրիի կողմէ:
Միացեալ Նահանգներու մօտ Արցախի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան ու Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Միշել Յակոբեան ողջունեցին Լուիզիանայի Ծերակոյտին սոյն քայլը եւ դրուատեցին այդ նպատակով ծերակուտական Մըրիի տարած աշխատանքը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով անոր:
Վերջին երկու տարիներուն ընթացքին, Լուիզիանան չորրորդ նահանգն է, որ կը ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan