Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ»ի՝ Ատրպէյճան Ապստամբութեան Հակամէտ Երկիրներու Շարքին

By Asbarez | Tuesday, 01 March 2011

«Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ» օրաթերթի համացանցային կայքին մէջ հրատարակուած է ցուցակ մը այն երկիրներուն, որոնց մէջ կրնան ըմբոստութիւններ տեղի ունենալ։ Ցուցակին առաջին դիրքը կը գրաւէ Քամերունը (94.5 կէտով), երկրորդը՝ Փաքիստանը (90.8): 8րդ դիրքի վրայ է Մարոքը (78.7), 9րդ դիրքի վրայ՝ Յորդանանը (78.6), իսկ 10րդ՝ Ատրպէյճանը (78.6)։

Երեսունէն ցած վարկանիշ ունեցող, այսինքն՝ ապստամբութեան նուազագոյն հաւանականութիւն ունեցող երկիրներն են՝ Աւստրալիան, Ֆինլանտան, Շուէտը, Աւստրիան, Գանատան, Դանիան, Գերմանիան եւ Զուիցերիան։

comments