Սումգայիթի Ջարդերուն Առիթով Ցոյց՝ Ատրպէյճանի Հիւպատոսարանին Առջեւ

By Asbarez | Tuesday, 01 March 2011

ՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հարիւրաւոր հայ երիտասարդներ Ուրբաթ, Փետրուար 25ին բողոքի ցոյց մը կատարեցին Լոս Անճելըսի մօտ Ատրպէյճանի հիւպատոսարանի շէնքին առջեւ, դատապարտելով Սումգայիթի մէջ հայերուն դէմ իրականացուած ջարդերը, սպանդին 23րդ տարելիցին առթիւ: Ցուցարարները նաեւ դատապարտեցին Ատրպէյճանի իշխանութեանց կողմէ պատերազմի շարունակական սպառնալիքները՝ ուղղուած Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին:

«Միացեալ հայ երիտասարդներ» կազմակերպութեան նախաձեռնած սոյն ցոյցին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ այլ հայկական կազմակերպութիւններ եւ պաշտօնատարներ:

Ցուցարարները կը պոռային՝ «Ատրպէյճա՛ն, դադրեցուր ատելութիւն հրահրելը», «Ատրպէյճա՛ն, ձեռքերդ հեռու պահէ Հայաստանէն եւ Ղարաբաղէն», «Ամերիկահայ համայնքը նեցուկ կը կանգնի Հայաստանի» եւ այլ կարգախօսներ:

Ցուցարարները նաեւ այդ կարգախօսներուն անգլերէն գրութեամբ պաստառներով անցորդները տեղեկացուցին իրենց բողոքին մասին:

Հայ ցուցարարներուն միացած են նաեւ օտարներ՝ իրենց մասնակցութիւնը բերելով մարդկութեան դէմ իրականացուած այս ոճիրին:

Տեղական մամուլը եւ պատկերասփիւռի կայաններ անդրադարձան այս ցոյցին:

comments

Advertisement