Ֆրանսիս Պապը Կը Վերահաստատէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Իր Դիրքորոշումը

By Asbarez | Wednesday, 05 June 2013

 

ՊԷՅՐՈՒԹ, ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԵՍ, «Ազդակ», «Տիարիօ Արմէնիա».- Երկուշաբթի, Յունիս 3ին, Ֆրանսիս պապը յատուկ ունկնդրութիւն շնորհեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին, որուն ընկերակցող պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Անարատ յղութեան հայ քոյրերու ընդհանուր մեծաւորուհի Եւդոքսիա Քէշիշեան, քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանի մեծաւոր Գէորգ Ծ. վրդ. Նորատունկեան, փոխտեսուչ Գրիգոր վրդ. Պատիշահ, հաւատացեալներ, ինչպէս նաեւ հայ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ:

Նախքան պատուիրակութեան անդամները ընդունիլը, սրբազան քահանայապետը եւ ամենապատիւ հոգեւոր տէրը ունեցան առանձնակի զրոյց մը, որուն ընթացքին ընդհանուր ակնարկով մը անդրադառնալէ ետք Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ, Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարք Ֆրանսիս պապէն խնդրեց, որ Սուրբ աթոռը հանդիսաւորապէս մասնակցի Հայկական Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի յիշատակումին եւ այդ առիթով քահանայապետական յորդոր մը ուղղէ համայն քրիստոնեաներուն՝ ներկայացնելու համար 1915ի Մեծ Եղեռնի նահատակներուն վկայութիւնը:

Հոգեւոր տէրը խնդրեց նաեւ, որ Վատիկանի պետութիւնն ալ մասնակցի 100ամեակի յիշատակութեան՝ դրոշմաթուղթերու հրատարակութեամբ: Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարք յատկապէս հայցեց սրբազան քահանայապետին օրհնութիւնը համայն հայ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ՝ Հայ կաթողիկէ Սիւնհոդոսի անդամներուն համար:

Ֆրանսիս պապը, իր կարգին, յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերեց հոգեւոր տիրոջ խնդրանքներուն նկատմամբ՝ շեշտելով յատկապէս մարդու իրաւունքներու ու մարդկային արժէքներու պաշտպանութեան կարեւորութիւնը եկեղեցւոյ համար:

Այս մտերմիկ հանդիպումէն ետք, հոգեւոր տիրոջ ընկերակցող պատուիրակութիւնը ներկայացաւ սրբազան քահանայապետին, եւ աջահամբոյրէն ետք հայ կաթողիկէ հաւատացեալներուն անունով անոր նուիրեց պրոնզեայ «Խաչելութիւն» մը, որուն հեղինակն է լիբանանահայ արուեստագէտ Րաֆֆի Թոքաթլեան:

Երբ պատուիրակներէն մէկը ըսած է, թէ ինք Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդներէն է, Ֆրասիս պապ պատասխանած է. «20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը հայերու դէմ գործուած է»։

Ան յորդորեց ներկաները միշտ աշխատելու եկեղեցւոյ եւ ազգի միութեան ի նպաստ՝ ապրելով համերաշխութեամբ եւ ընդդիմանալով սատանային փորձութիւններուն:
Նշենք նաեւ, որ Երեքշաբթի, Յունիս 4ին, Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարք հրաւիրուեցաւ համապատարագելու Ֆրանսիս սրբազան քահանայապետին հետ Սանթա Մարթայի մատրան մէջ, Վատիկան: Այս պատարագին մասնակցեցաւ նաեւ հոգեւոր տիրոջ գաւազանակիր Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեանը:

Յայտնենք, թէ Հռոմի նորընտիր պապը նախապէս ճանչցած էր Հայկական Ցեղասպանութիւնը:

Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ Ալֆոնսօ Թապաքեան պապին յայտարարութիւնը համարած է շատ կարեւոր, նկատի ունենալով, որ Հռոմի պապին խօսքերը մեծ նշանակութիւն ունին, որովհետեւ անոնք միայն մէկ պետութեան եւ մէկ կրօնքի համար չեն:

comments

Advertisement