«Բոլորս Հրանդ Ենք, Բոլորս Հայ Ենք». Թաքսիմի Ցուցարարները

By Asbarez | Thursday, 06 June 2013

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ շարունակուող հակակառավարական ցոյցերուն ընթացքին, ներկաները սկսած են արտայայտուելու նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման, ինչպէս նաեւ «Կեզի» զբօսայգիին մէջ նախապէս եղած հայկական գերեզմանատան մասին: Արդարեւ, ցուցարարներէն մէկը, խօսելով անցեալը չմոռնալու անհրաժեշտութեան մասին՝ ըսած է. «Թաքսիմի «Կեզի» զբօսայգին հայկական գերեզմանատուն է: Այս զբօսայգիին տակ հայերու ոսկորներ կան: Ամբողջ երկրի հողերուն տակ հայերու, Հայկական Ցեղասպանութեան ժամանակ զոհուածներու, մեր եղբայրներուն ոսկորներն են: Ասոր պատասխանատուն Թուրքիոյ հանրապետութիւնն է: Մեզի դէմ արցունքաբեր կազ կիրառողները 1915 թուականին հարիւր հազարաւոր հայեր սպաննեցին»:

Ան խօսած է նաեւ Հրանդ Տինքի մասին, «որուն ձայնը եղած է եղբայրութեան, խաղաղութեան, բարեկամութեան ձայն», ըսած է ան եւ դատապարտած է պետութիւնը՝ Տինքը սպաննելու եւ ոճիրը անպատիժ ձգելու յանցաննքով:

Այնուհետեւ, ցուցարարները սկսած են կանչելու՝ «Բոլորս Հրանդ ենք, բոլորս հայ ենք» ու պահանջած են, որ «Կեզի» զբօսայգիի փոքրիկ փողոցներէն մէկը անուանակոչուի Հրանդ Տինքի անունով, «որպէսզի թուրքերը իմանան, թէ պարտական են հայերուն, Հրանդ Տինքին»:

Ապա, հոն հաւաքուածները զբօսայգիի ձողերէն մէկուն վրայ փակցուցած են «Հրանդ Տինք պողոտայ» գրութիւնը:

Այլ ցուցարար մը՝ «Ժողովուրդներու ժողովրդավարական քոնկրես»ի անդամ Կարօ Փայլան, դատապարտած է այն իրողութիւնը, որ պետութիւնը Հայկական Ցեղասպանութիւնը իրականացուցած թուրք ղեկավարներու անուններով փողոցներ եւ դպրոցներ անուանած է: Փայլան նշած է, թէ իրենց յաջորդ նպատակն է հայաշատ Շիշլի թաղամասի «Էրկենեքոն» անուանուած պողոտան Տինքի անունով կոչել: Ան նաեւ պահանջած է Թաքսիմ հրապարակի Սուրբ Յակոբ Հայկական գերեզմանատունը իր սեփականատէրերուն վերադարձնել:

Բողոքը շարունակուած է «Էրտողան հրաժարիր» կոչերով:

Այս միջադէպին իր «Ֆէյսպուք»ի էջով անդրադարձած է նաեւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցած թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամը, որ կատարուածը «հետաքրքրական զարգացում» որակած է:

comments