Սուրիոյ Մէջ Հայ Զինուոր Մը Նահատակուած է

By Asbarez | Friday, 14 June 2013

Սուրիոյ բանակին մէջ ծառայող հայ փոխգնդապետ Հայկ Ֆուատ Յակոբ նահատակուած է Քուսէյրի մէջ տեղի ունեցած մարտերու ընթացքին:

1991ին Հալէպ ծնած փոխգնդապետ Հայկ Ֆուատ Յակոբի մարմինը հողին յանձնուեցաւ Յունիս 10 ին Լաթաքիոյ նահատակաց պանթէոնին մէջ: Հոգեհանգստեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ անոր ծննդավայր՝ Հալէպի Սուրբ Թերեզայի անուան եկեղեցւոյ մէջ:

comments