By Aztag Daily | Monday, 07 March 2011
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Արցախի վարչապետ Արա Յարութիւնեան Երեքշաբթի օր սկսաւ լիբանանահայ հոգեւոր, քաղաքական, հասարակական եւ գործարար շրջանակներուն հետ իր քառօրեայ հանդիպումներուն։ Հանդիպումներուն վարչապետ Յարութիւնեանին կ՛ընկերակցէին Արցախի գիւղատնտեսութեան աջակցման հիմնադրամի՝ «Ակրոֆոնտ»ի տնօրէն Վահրամ Պաղտասարեան, ՀՅԴ Արցախի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան։
Վարչապետ Յարութիւնեան Հայաստանի դեսպանատան մէջ նոյն օրը լիբանանահայ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպում ունենալով՝ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը։
Կէսօրին վարչապետը յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի հետ։
Յետմիջօրէին վարչապետ Յարութիւնեան «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴի եւ ՌԱԿի ներկայացուցիչներուն հետ, իսկ «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ տեսակցութիւն ունեցաւ Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան Լիբանանի ղեկավարութեան հետ։
Երեկոյեան Անթիլիասի մայրավանքի վեհարանին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսին բարձր հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն-հանդիպում՝ լիբանանահայ գաղութի հասարակական կազմակերպութեանց պատասխանատուներուն եւ գործարարներու հետ։
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan