Քոլորատօ Օգոստոս 5ը Կը Հռչակէ Ցեղասպանութեան Յիշատակի Օր

By Asbarez | Friday, 07 August 2009

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոլորատօ նահանգի կառավարիչ Ղիլ Ռիթըր Օգոստոս 5ը յայտարարած է <<Ցեղասպանութեան յիշատակի օր>>, եւ այս մասին կատարած իր պաշտօնական յայտարարութեան մէջ ըսած է. <<Քսաներորդ դարու ճանչցուած առաջին Ցեղասպանութիւնը տեղի ունեցած է Հայաստանի մէջ, որուն ընթացքին աւելի քան մէկ միլիոն հայեր ջարդուած են:

Այս ցեղասպանութենէն ետք մենք նման ոճիրներու ականատես եղած ենք շարունակաբար: Մենք պարտաւոր ենք ճանչնալ տեղի ունեցածը, որպէսզի երաշխիք ունենանք, թէ նման արարքներ պիտի չկրկնուին: Այսօր հաւաքուած ենք հոս, պնդելու համար, թէ չենք կրնար հանդուրժել ցեղասպանութիւնը>>:

Այս յայտարարութեան մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած էր Քոլորատոյի ցեղասպանութեան յիշատակման եւ գործի համախմբումը, որուն փոխատենապետն է Քէն Քլիքեանը: Համախմբումը հիմնուած է տեղացի գործիչ Ռոզ Տումանի ջանքերով, որ մօտէն կը գործակցի Քոլորատոյի հայութեան հետ, այլ ցեղասպանութեանց կողքին Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը եւ անոր ճանաչման պայքարը միշտ լուսարձակներու տակ պահելու նպատակով:

<<Կ՛ողջունենք նահանգապետ Ռիթըրի ու Քոլորատոյի ցեղասպանութեան յիշատակման եւ գործի համախմբումի ջանքերը, ինչպէս նաեւ հայկական համայնքի նկատմամբ Քոլորատոյի բնակիչներուն ցուցաբերած զգայուն վերաբերմունքը: Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացման դէմ կանգնելու եւ Սուտանի ցեղասպան վարչակարգը մերկացնելու Քոլորատոյի ղեկավարութեան քաղաքականութիւնը կը փաստէ, որ իւրաքանչիւր նահանգ կրնայ կենսական դեր խաղալ ցեղասպանութիւնները կանխարգիլելու աշխատանքին մէջ>>, կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան:

Յայտնենք, թէ Քոլորատոն Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցած է 1981ին, նահանգապետի հռչակագիրով, իսկ վերջին 8 տարիներուն, Ապրիլ 24ը «Հայկական Ցեղասպանութեան յիշատակման օր» հռչակուած է Քոլորատոյի խորհրդարանին ու Ծերակոյտին կողմէ:

comments

Advertisement