Հակահայ Բանաձեւ Մը Ձախողութեան Կը Մատնուի Պրազիլի Մէջ

By Asbarez | Thursday, 20 June 2013

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները Յունիսի սկիզբը հաղորդած էին, թէ իրենց երկիրի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով խորհրդակցութիւններ ունեցած է պրազիլական պատուիրակութեան մը հետ, գլխաւորութեամբ խորհրդարանի պատգամաւորներ Նելսոն Փելեկրինոյի եւ Քլաուտիօ Քախանի:

Պրազիլահայ համայնքի «Էսթեքաօ Արմէնիա» կայքի սիւնակագիր՝ փրոֆ. Ճէյմս Օննիկ Թամճեան, պարզաբանած է, որ Փելեկրինօ եւ Քլաուտիօ Քախան թրքական կողմին ի նպաստ լոպիական աշխատանք կատարող երեսփոխաններ են: Անոնցմէ առաջինը իշխող կուսակցութեան անդամ է, իսկ երկրորդը՝ ընդդիմադիր:

«Տարօրինակ է, որ երկու հակառակորդ կուսակցութիւնները այս հարցին մէջ կը գործեն միասնաբար», գրած է Թամճեան:

Պրազիլցի երկու պատգամաւորները խոստացած են Մամետեարովին դիմում ներկայացնել իրենց երկրի խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ ազգային պաշտպանութեան յանձնաժողովին՝ առաջարկելով Պրազիլի աջակցութիւնը Ատրպէյճանին եւ պահանջելով հայկական զօրքերու դուրսբերումը Լեռնային Ղարաբաղի տարբեր շրջաններէն՝ վկայակոչելով ՄԱԿի որոշ բանաձեւեր:

Պրազիլահայ համայնքը նշուած կայքին միջոցով իրականացուցած է լայն արշաւ մը՝ յորդորելով քաղաքացիները բողոքի ձայն բարձրացնել ատրպէյճանական գաղափարախօսութեամբ տարուած այս երկու քաղաքական գործիչներուն եւ անոնց գործողութիւններուն դէմ: Պրազիլի հայ համայնքի ներկայացուցիչները եւ Պրազիլի մօտ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Եղիազարեանը եւս բողոքի նամակ մը յղած են:

Այս բոլորին շնորհիւ, Պրազիլի խորհրդարանին քննարկման ներկայացուած հակահայ առաջարկ-պահանջը դուրս բերուած է օրակարգէն: Դիմումը դուրս բերուած է նաեւ Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի օրակարգէն, թէեւ, ըստ Թամճեանի՝ վտանգ կայ, որ զայն քննարկելու նպատակով փորձ մը եւս կատարուի Յուլիս 10ին:

comments

Advertisement