Սուրիայէն Հեռացած է 17-18 Հազար Հայ

By Asbarez | Monday, 01 July 2013

ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».– Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող պատերազմական իրադարձութիւնները պատճառ դարձան, որ սուրիահայերու զգալի մաս մը, կամայ թէ ակամայ, հեռանայ երկրէն: «Եռագոյն»ին ունեցած տուեալներուն համաձայն, համայնքէն հեռացած են 17-18 հազար հայեր: Բարեբախտաբար հեռացողներու ստուար մասը ապաստան գտած է Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ. այնտեղ գտնուողներէն շատ շատեր կը սպասեն կացութեան բարելաւման՝ Սուրիա վերադառնալու յոյսով:

Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրտուս Զաքարեան, «Եռագոյն»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ՝ «այժմ Հայաստանում կայ մօտ 8000 սուրիահայ, երկու տարիների ընթացքում Հայաստան է եկել մօտ 13000 սիրիահայ, այստեղ մնացել է 8000ը, մնացածը կա՛մ վերադարձել են, կա՛մ գնացել այլ երկրներ»:

Հայաստանէն Սուրիա վերադարձած է մօտ 3000 սուրիահայ, մօտ 2000 անձեր մեկնած է Եւրոպայի տարբեր երկիրներ, սակայն Հայաստան մնացած 8000ին մէջ եւս կան անորոշութեան մատնուածներ, որոնք կը սպասեն իրավիճակի բարելաւման եւ անոնց հայեացքը ուղղուած է դէպի Սուրիա։ Կան նաեւ Եւրոպայի վիզային սպասող սուրիահայեր:

«Եռագոյն»ին աղբիւրներուն համաձայն, Լիբանան հաստատուած է մօտ 800 ընտանիք, այլ աղբիւրներու համաձայն, այժմ Լիբանանի մէջ կայք հաստատած է մօտ  7000 սուրիահայ, իսկ Սուրիայէն դէպի Եւրոպա եւ այլ երկիրներ տեղափոխուած է մօտ 2000 հայ:

«Հալէպ քաղաքը շրջափակուած է, հաւանաբար, եթէ շրջափակումը չըլլար կը շարունակուէր հայերու հոսքը Սուրիայէն, մեր ունեցած տուեալներով, բազմաթիւ ընտանիքներ կը սպասեն ճանապարհի բացման, որպէսզի թէկուզ ժամանակաւոր կերպով Հայաստան գան: Գամիշլիի հայկական համայնքէն մեծ թիւով արտագաղթ եղած է, այնտեղ մերթ ընդ մերթ կը գործէ Գամիշլի-Երեւան ուղիղ թռիչքը։  Այնուամենայնիւ նուիրեալ հայորդիներու շնորհիւ Սուրիոյ համայնքը կը մնայ ամուր, ազգային դպրոցները կը գործեն՝ հակառակ տիրող դժուարին պայմաններուն», կը գրէ «Եռագոյն»ը:

comments