Ազնաւուր Կը Պայքարի Ցեղասպանութեան Ուրացման Դէմ

By Asbarez | Tuesday, 15 March 2011

Շարլ Ազնաւուր հաստատած է, թէ Մարտ 12ին ներկայ պիտի ըլլայ Ֆրանսայի Ծերակոյտին առջեւ կայանալիք այն հանրահաւաքին, որուն մասնակիցները պիտի պահանջեն վաւերացնել Հայկական Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը:

Ըստ Ֆրանսայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակին, Ֆրանսայի խորհրդանիշը դարձած հանրահռչակ երգիչը առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցի բողոքի ու պահանջատիրութեան նման միջոցառման:

«Հարկաւոր է դէմ դնել ուրացման» կարգախօսով կայանալիք հանրահաւաքին պիտի մասնակցին նաեւ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մարդկային իրաւանց պաշտպան յայտնի գործիչներ:

Միջոցառումը կազմակերպուած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդին կողմէ:

comments