Աշխարհի Ամէնէն Հարուստ Հայը Կը Շարունակէ Մնալ Գըրգ Գըրգորեանը

By Թերթ | Tuesday, 15 March 2011


ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ամերիկեան հեղինակաւոր «Forbes» ամսագիրը հրապարակած է աշխարհի ամենահարուստ տղամարդոց աղիւսակը, որ երկու պատմական ցուցանիշներ սահմանած է. միլիառատէրերուն թիւը հասած է 1210ի, իսկ անոնց ընդհանուր ունեցուածքը՝ 4.5 եռիլիոն տոլարի (4500 միլիառ): Այդ գումարը, զգալիօրէն կը գերազանցէ աշխարհի մէջ Համախառն ներքին արտադրութեան (ՀՆԱ) ծաւալով չորրորդ տեղը գրաւող Գերմանիոյ ՀՆԱն, եւ մօտ է երրորդ տեղը գրաւող Ճափոնի ՀՆԱին: Ամենաշատ աճը ապահոված են Պրազիլ, Ռուսիա, Հնդկաստան ու Չինաստան, որոնց բաժին կ՛իյնայ նորայայտ 214 միլիառատէրերէն 108ն:

Գրեթէ բոլոր զարգացող երկիրները աճ արձանագրած են միլիառատէրերու թիւով, սակայն ամէնէն արագ կերպով կը հարստանան Ասիական-Խաղաղ ովկիանոսեան շրջանի երկիրները: Այնտեղ կ՛ապրի 332 միլիառատէր, այսինքն՝ աշխարհի միլիառատէրերու ընդհանուր թիւին քառորդէն աւելին: Իսկ իբրեւ առաջատար հանդէս կու գայ դարձեալ Միացեալ Նահանգները, որ սակայն աստիճանաբար իր դիրքերը կը զիջի:

Ռուսիոյ ամենահարուստ մարդը «Նովոլիփեցքի մեթալուրկիական ընկերութիւն»ի սեփականատէր Վլատիմիր Լիսինն է, որ իր 15.8 միլիառի հասնող հարստութեամբ կը գրաւէ ցուցակին 14րդ տեղը:

Աշխարհի ամենահարուստ հայը կը շարունակէ մնալ Գըրգ Գըրգորեանը: 93ամեայ գործարարին կարողութիւնը կը գնահատուի 3.5 միլիառ տոլար: Աղիւսակին վրայ տեղ գտած է այլ չորս հայ միլիառատէրերու անուններ եւս, որոնք բոլորն ալ կը ներկայացնեն Ռուսիան:

1.5ական միլիառ տոլարով աշխարհի մէջ 833րդ, իսկ Ռուսիոյ մէջ 65րդ տեղը կը զբաղեցնեն ապահովագրական ոլորտը ներկայացնող «Ռեսօ Կարանթիա» ընկերութեան համասեփականատէրեր Սերգէյ եւ Նիքոլայ Սարգիսով եղբայրներն ու «Ռոսգոսստրախ» ընկերութեան ղեկավար ու հիմնական բաժնետէր Տանիլ Խաչատուրովը:

Աշխարհի մէջ 879րդ, իսկ Ռուսիոյ մէջ 72րդ տեղը կը զբաղեցնէ «Տաշիր» խումբի հիմնադիր Սամուէլ Կարապետեանը:

comments

Advertisement